Իրանի հիւսիսը հեռարձակուող «Կիւնազ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի համաթրքական կայքը կը գրէ, որ իրանեան բանակի հետախուզական օդանաւերը կը հսկեն Ատրպէյճանի հետ սահմանը: Բացի այդ, ըստ կայքին, Իրան ծանր սպառազինութիւն կը տեղափոխէ Հայաստանի եւ Նախիջեւանի հետ սահմանը:
Ըստ կայքին՝ Թեհրանէն օդ բարձրացած հետախուզական օդանաւեր կտրած են Կասպից ծովը եւ մտած Արտապիլ նահանգի հիւսիսը, ապա Ատրպէյճանի սահմանէն Հայաստանի եւ Նախիջեւանի սահմանային գօտիին վերեւը թռչելով՝ վերադարձած են Թեհրան:
Կայքը կը պնդէ, որ «Հիւսիսային Ատրպէյճանի (Ատրպէյճանի Հանրապետութիւն) եւ Հայաստանի սահմաններու սահմանագրումի, ինչպէս նաեւ Զանգեզուրի մէջ Սեւ լիճի տարածքին մէջ ատրպէյճանական զօրամասերու տեղակայման ի պատասխան՝ Երեւան եւ Թեհրան կը փորձեն սադրանքի ենթարկել Ատրպէյճանի ազգային ապահովութիւնը»: