ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանին գոհունակութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի դադրեցման մասին յայտարարութեան ընդունման վերաբերեալ: Իրանի նախագահի լրատուական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ այս մասին յայտնեց Իրանի նախագահը Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովին:
«Ըլլալով թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան դրացի եւ նկատի ունենալով տարածաշրջանի ժողովուրդներուն հետ մեր բազմաթիւ պատմական ընդհանրութիւնները, Իրանի Հանրապետութիւնը իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ Ռուսիոյ միջամտութեամբ երկու երկիրներու ղեկավարներուն տուած որոշման վերաբերեալ` վերջ դնել ռազմական հակամարտութեան եւ սկսեու դիւանագիտական կարգաւորման գործընթացի», ըսաւ Իրանի նախագահը:
Հասան Ռոհանին յոյս ունի, որ երկու երկիրները կը կարենան լուծել իրենց վէճերը խաղաղ եւ միջազգային իրաւունքի շրջանակներու մէջ:
«Այդ նպատակով Իրան կը ներկայացնէ հրադադարի հաստատման եւ խաղաղութեան հաստատման խաղաղ ծրագիր, ինչպէս նաեւ աշխոյժ բանակցութիւններ կը վարէ հակամարտող կողմերուն եւ այլ շահագրգիռ երկիրներու հետ, եւ մենք ոչ մէկ ճիգ կը խնայենք լարուածութեան եւ վէճերու մեղմացման եւ այդ տարածաշրջանին մէջ կայուն ու արդար անվտանգութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար», եզրափակեց Ռոհանի: