ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի բանբեր Ռամատան Շարիֆ յայտնեց, որ մայրաքաղաք Թեհրանի եւ իրանեան մնացեալ քաղաքներուն մէջ կացութիւնը վերահսկողութեան տակ է՝ աւելցնելով, որ ներկայիս Յեղափոխական պահակագունդի ուժերուն միջամտութեան կարիքը չկայ, որովհետեւ ոստիկանութեան ու ներքին ապահովութեան ուժերը լաւապէս կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը: Ան նշեց, որ իրանեան կարգ մը քաղաքներ ժողովրդային կամաւորական ուժերուն՝ Պասիժի օժանդակութիւնը խնդրած են:
Յեղափոխական պահակագունդի Սարալլա կեդրոնի տեղակալ հազարապետ Իսմայիլ Քաուսարի յայտնեց, որ անցած Կիրակի օր Թեհրանի մէջ ցոյցերու մասնակիցներուն թիւը այժմ մեծապէս նուազած է եւ քաղաքի կեդրոնին մէջ հանդարտութիւնը կարճ ժամանակուան մէջ վերականգնած է՝ շեշտելով, որ շրջապատին վնասներ պատճառած անձերը պիտի հետապնդուին:
Իրանի ներքին գործոց նախարարի անվտանգութեան եւ ոստիկանութեան հարցերով օգնական Հուսէյն Զուլֆիքարի իր կարգին ըսաւ. «Երկրին մեծամասնութեան մէջ կացութիւնը բնականոն է. ժողովուրդին գործակցութեամբ ու առնչակից մարմիններու աշխատանքով՝ անկարգութիւններու թատերաբեմ դարձած կարգ մը շրջաններու մէջ անկայունութեան վիճակը շուտով վերջ պիտի գտնէ»:
Թեհրանի մէջ Յեղափոխութեան դատարանի նախագահ Մուսա Ղատանֆար Ապատի աւելի ուշ յայտնեց, որ անկարգութիւններու երրորդ օրուան ընթացքին ձերբակալուող ոեւէ անձ խիստ պատիժ պիտի ստանայ՝ աւելցնելով, որ անկարգութիւնները որքա՛ն երկարին, այդքա՛ն պիտի խստանայ անոնց մեղսակիցներուն պատիժը: Ան նշեց, որ կարգ մը ձերբակալեալներ պիտի դատուին ազգային անվտանգութիւնը թիրախ դարձնելու եւ հասարակաց կալուածները քանդելու ամբաստանութեան հիմամբ:
Թեհրանի կառավարիչի քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերով օգնականը իր կարգին նշեց, որ անցնող երեք օրուան ընթացքին Թեհրանի մէջ անկարգութիւններուն մասնակից 450 անձեր ձերբակալուած են արդէն։
Նշենք, որ վեց օր առաջ Իրանի մէջ բողոքի ցոյցեր ընթացք առած էին Մաշհատ քաղաքէն, ապա՝ տարածուած այլ քաղաքներ: Իրանի Պետական պատկերասփիւռի կայանին համաձայն՝ «խափանարար ցուցարարներ» Երկուշաբթի գիշեր Սպահանի մէջ կրակ բացած են ոստիկանութեան վրայ: Սպաննուած է ոստիկան մը, իսկ երեք ուրիշներ՝ վիրաւորուած: Սպաննուած են նաեւ Պասիժի երկու անդամներ: «Ռաժա Նիուզ»ի համաձայն՝ Սպահանի մէջ կրակոցներուն պատճառով սպաննուած են նաեւ երկու քաղաքացիներ, իսկ 5 ուրիշներ զոհուած են, երբ ցուցարարներ յարձակում գործած են Սպահանի նահանգի Քահտարճան քաղաքի քաղաքապետարանի շէնքին դէմ:
Իրանեան ոստիկանութեան բանբերը յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է նաեւ 4 անձեր, որոնք անցնող օրերուն անարգած են Իրանի դրօշը՝ զայն հրկիզելով կամ պատռտելով:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Երկուշաբթի օր յայտնած էր, որ իրանցի ղեկավարներն ու ժողովուրդը պիտի պատասխանեն անոնց, որոնք ըսին, թէ խնդիրները պիտի փոխադրեն Իրան, եւ աւելցուցած էր, որ թշնամիները նեղացած են ժողովուրդի փառքէն, անոր արձանագրած յաջողութիւններէն ու երկրին զարգացումէն: Ան նշած էր, որ իր կառավարութիւնը մարդոց բողոքներն ու քննադատութիւնները կը նկատէ առիթ մը եւ ոչ թէ սպառնալիք՝ աւելցնելով, որ ժողովուրդը միլիոններով փողոց պիտի իջնէ՝ զօրակցելու համար վարչակարգին, եթէ այդ մէկը անհրաժեշտ ըլլայ:
Ռուհանի յայտնած էր նաեւ, որ անոնք, որոնք անցնող օրերուն փողոց դուրս եկան, անպայման իրենց հրամանը դուրսէն չստացան, այլ անոնցմէ ոմանք փողոց դուրս եկան իրենց դիմագրաւած հարցերուն պատճառով: