ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս«.- Գորիս-Կապան մայրուղիին վրայ, ատրպէյճանցի ոստիկաններուն կողմէ ձերբակալուած իրանցի վարորդները, ամենայն հաւանականութեամբ, ազատ պիտի արձակուին յաջորդ 3 օրերուն ընթացքին: 16 Սեպտեմբերին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի փոխվարչապետ Սուրէն Պապիկեան: «Այս ուղղութեամբ ռուս սահմանապահներն աշխատում են, այս պահին նաեւ բանակցութիւններ են ընթանում, նաեւ Իրանն է իր դիւանագիտական խողովակներով աշխատում: Այս առումով խնդիրը մեծ հաշուով մեր դաշտում չէ», նշեց Սուրէն Պապիկեան` տեղեկացնելով, որ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով բեռնափոխադրումներու թիւը չէ նուազած:
«Բեռների փոխադրումը Իրանից Հայաստան կանգ չի առնելու: Մենք հիմա ունենք նաեւ այլընտրանքային եղանակներ բոլոր բեռները ՀՀ ցանկացած տարածք տեղափոխելու, նաեւ` Հայաստանը որպէս տարանցիկ երկիր Իրանի համար դիտարկելու համար«, ընդգծեց Պապիկեան: