Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Իրան Ատրպէյճանական Ռազմական Օդանաւերու Դիմաց Փակած Է Իր Օդային Տարածքը

October 7, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
EU adopts legal framework for Lebanon sanctions – statement

ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ

ԵՐԵՒԱՆ․- Իրանի իշխանութիւնները Պաքուի իշխանութիւններուն փոխանցեցին, որ ատրպէյճանական ռազմական օդանաւերու՝ Իրանի օդային տարածքով թռիչքները արգիլուած են:

«Սփութնիք Արմէնիա»ն կը հաղորդէ, որ այս տեղեկութիւնը կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները եւ կ՛աւելցնեն, որ Ատրպէյճան Նախիջեւանի բանակին մատակարարումները կը կատարէ հիմնականին մէջ Իրանի օդային տարածքով:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները նշեցին, որ Պաքու Թեհրանի այս քայլը որակած է իբրեւ Ատրպէյճանի նկատմամբ դաւաճանութիւն, որ որդեգրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան դրդումով՝ աւելցնելով, որ այս քայլը Ատրպէյճանին մասնաւոր վնաս պիտի չպատճառէ, որովհետեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Նախիջեւանի մէջ տեղակայուած զօրամասերուն մատակարարման հարցին մէջ առաջնահերթութիւն տուած է այլ ուղիներուն:

Հակադարձելով իրանեան այս քայլին, Ատրպէյճանի մէջ փակուած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի ներկայացուցիչ՝ սէյիտ Ալի Աքպար Օճաղնեճատի գրասենեակը: «Թերթ»ը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Ոստիկանութեան աշխատակիցներու մասնակցութեամբ՝ ստուգումներ կատարուած են Հուսէյնիա թաղամասին մէջ գտնուող մզկիթին մէջ, որուն համալիրին մէջ կը գտնուի նաեւ գրասենեակը, եւ պաշտամունքի վայրը փակուած է:

Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտարարեց, որ յայտնի դարձած է է, որ վերջին օրերուն քաղաքի կարգ մը վայրերու մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մարդոց թիւը աւելցած է: Ըստ անոր՝ այդ վայրերէն մէկը նշեալ մզկիթն է եւ այդ պատճառով մզկիթը փակուած է:

Previous Post

Ֆրանսիս Պապին Հետ Հանդիպումին Գարեգին Բ. Շեշտեց Գերիներու Վերադարձի Անհրաժեշտութիւնը

Next Post

Մինսքի Խմբակին Միջոցաւ Կրնայ Գտնուիլ Արցախի Հարցի Կայուն Եւ Խաղաղ Լուծումը. Իտալիա

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.