ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ»․- Ըստ «Թասս»ի՝ Ուրբաթ օր Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ Իրանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը, Պաքուի մէջ Էրտողանի յայտարարութեան համար:
«Թուրքիոյ դեսպանին յայտնուեցաւ, որ տարածքային պահանջներու եւ ռազմատենչ կայսերական դարաշրջանը անցեալին կը պատկանի: Ընդգծուեցաւ, որ Իրան ոչ ոքի պիտի արտօնէ ոտնահարել իր տարածքային ամբողջականութիւնը», հաղորդեց նախարարութիւնը:
Նշենք, որ Էրտողան իր ելոյթին ընթացքին արտասանած էր Արաքս գետը յիշատակող բանաստեղծութիւն մը, ուր կը պնդուի, որ անիկա Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան իրարմէ «ուժով բաժանած է»:
Արաքս գետը սահման է Ատրպէյճանի եւ Իրանի ու Էրտողանի խօսքերը Իրանի մէջ նկատուած է փանթուրանականութեան գաղափարներու հռչակում, որոնք կը սպառնան Իրանի տարածքային ամբողջականութեան: