ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թեհրան դէմ է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Իրանի ու Հայաստանի միջեւ սահմանը արգելափակելու քաղաքականութեան, 19 Յուլիսին յայտարարեց Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումին ընթացքին։
«Եթէ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի արգելափակման քաղաքականութիւն ըլլայ՝ Իսլամական Հանրապետութիւնը դէմ է նման որոշման, որովհետեւ այդ սահմանը հազարաւոր տարիներու հաղորդակցութեան ուղի է», յայտարարեց ան եւ նոյն ժամանակ տարածաշրջանին մէջ Իրանի եւ Թուրքիոյ համագործակցութեան զարգացումը համարեց շահաւէտ՝ նշելով, որ Իրան եւ Թուրքիա «դժուար ժամանակներու բարեկամներ են»:
Կողմերը նաեւ քննեցին Սուրիոյ տագնապը եւ Խամենէի նշեց, որ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը շատ կարեւոր է:
Խամենէի նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց Արցախին` «Ատրպէյճան վերադարձով»: