ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ֆարս»․- Ռուսիա այցելած Իրանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մոհամմետ Պաքերի ըսաւ, որ Իրան եւ Ռուսիա համաձայնած են գործակցիլ, շրջանին ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով:
Պաքերի ըսաւ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի եւ Ռուսիոյ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Վալերի Քերասիմովի հետ զրոյցները դրական եւ կառուցողական եղած են` աւելցնելով, որ Իրան եւ Ռուսիա երեք ամիս ետք Թեհրանի մէջ ռազմական յանձնախումբի միացեալ նիստ պիտի գումարեն` քննարկելու երկկողմանի զինուորական կապերը, ռազմական արդիւնաբերութիւնը եւ զինուորական համաձայնագիրները: