ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ամիր Հաթամի, 26 Օգոստոսին երկօրեայ այցելութեամբ մը ժամանեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Սուրիոյ նախագահը ընդգծեց երկու կողմերուն միջեւ համակարգումի կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ամրապնդել երկու երկիրներուն տոկունութիւնը։
«Միացեալ Նահանգներուն եւ անոնց գործիքներուն կիրարկած գործելաոճը կը հաստատեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առանցքի քաղաքականութեան ճշգրիտ ըլլալը», ըսաւ Ասատ:
Իր կարգին, Իրանի պաշտպանութեան նախարարը վերահաստատեց Սուրիոյ միասնականութեան եւ անկախութեան պահպանման իր աջակցութիւնը:
27 Օգոստոսին, Հաթեմի սուրիացի իր պաշտօնակիցին հետ ստորագրեց երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական համագործակցութեան համապարփակ համաձայնագիր մը, որուն մասին մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան։
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հաթամի սուրիացի պաշտօնատարներու հետ քննարկած է շրջանային զարգացումները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, դիմադրութեան առանցքի կարողականութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ Թեհրանի եւ Դամասկոսի միջեւ պաշտպանողական եւ զինուորական գործակցութիւնը զարգացնելու կարելիութիւնները:
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը աւելցուց, որ Իրանի պաշտպանութեան նախարարը Դամասկոսի մէջ յայտնած է, որ իր այցելութեան նպատակը նոր պայմաններու լոյսին տակ եւ Սուրիոյ վերաշինութեան փուլ մուտք գործելէն ետք, երկկողմանի գործակցութիւնը զարգացնելն է: Հաթամի յոյս յայտնած է, որ իր երկիրը կարենայ ազդու կերպով մասնակցիլ Սուրիոյ վերաշինութեան աշխատանքին: