ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թեհրան յայտարարեց, որ պատրաստած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տագնապի լուծման համար մանրամասն ծրագիր մը՝ աւելցնելով, որ պատրաստ է զայն քննարկել երկու կողմերուն հետ. ան յոյս յայտնեց, որ երկու կողմերը շուտափոյթ զինադադար կը հաստատեն։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սաաիտ Խաթիպզատէ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ ուղղեց՝ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ քաղաքայինները թիրախ դարձնելէ հրաժարելու։
«Իրան մօտէն կը հետեւի իր արեւմտեան սահմանին վրայ դէպքերու զարգացումներուն», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Թեհրան կապի մէջ է հակամարտութեան երկու կողմերուն հետ եւ պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման օժանդակելու»։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ Իրան Ատրպէյճանն եւ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղէ՝ յարգելու քաղաքայիններուն իրաւունքները եւ զանոնք զերծ պահելու պատերազմի աղէտներէն։ Ան շեշտեց, որ կողմերը պէտք է գիտակցին, թէ Իրան իր սահմաններուն վրայ բախումները պիտի չհանդուրժէ։ «Երկու երկիրներուն մէջ մեր բարեկամներուն յայտնեցինք, որ զգուշ ըլլան», շեշտեց ան։
Ան յայտնեց, որ Թեհրան ջանացած է հաղորդակցութեան մէջ ըլլալ Պաքուի եւ Երեւանի հետ, եւ որ Թեհրան երկու կողմերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի՝ մեկնելով իր ծանօթ քաղաքականութենէն։
Խաթիպզատէ ըսաւ, որ իր երկիրը «կապի մէջ է շրջանային դերակատարներուն հետ, եւ այդ ջանքերուն կողքին պատրաստեց ծրագիր մը, որ կը յուսայ կը նպաստէ այս պատերազմին կարելի եղածին չափ շուտ դադրեցման, Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման, զինուորական ուժերու դուրս բերման, բանակցութիւններու եւ երկխօսութեան սկսման»։