Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտարարեց. «Մենք կարող ենք Եւրոպայի կազի կարիքները բաւարարել»:
«Մեր հիւլէական գործունէութիւնը ամբողջովին խաղաղասիրական է, եւ ատոր փաստերը կան: Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան զեկուցումները կը հաստատեն ատիկա, եւ գործակալութիւնը պէտք չէ երրորդ կողմերու ճնշումներէն ազդուի», շեշտեց Քենաանի` աւելցնելով. «Մենք պատրաստ ենք Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ մեր շինիչ գործակցութիւնը շարունակելու եւ մեզի դէմ ներկայացուած անհիմն պնդումները ջնջելու»:
Ան նաեւ յայտնեց. «Հիւլէական բանակցութիւնները ամերիկեան Քոնկրեսի ընտրութիւններէն ետք յետաձգելու դիմում չենք ստացած»:
Միւս կողմէ, իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով Իրանի ցամաքային ուժերու հրամանատար Ամիր Քիումարթ Հայտարիի յայտարարութիւնները, հաղորդեց, որ Թեհրան ստեղծած է Թել Աւիւն ու Հայֆան հարուածելու անօդաչու թռչող սարք մը` «Արաշ 2»-ը, որ իւրայատուկ կարողութիւններ ունի` Իսրայէլի մէջ հեռաւոր թիրախներ հարուածելու նպատակով:
Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ երէկ Պերլինի մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Յառաջիկայ տարի պիտի կարենանք Եւրոպային կազ մատակարարել»: