ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքճի Ատրպէյճան, Հայաստան, Ռուսիա եւ Թուրքիա պիտի այցելէ, Արցախի տագնապին կարգաւորման ուղղութեամբ Թեհրանի առաջարկած միջնոռդական ծրագիրը քննարկելու համար: Ցարդ առաքելութեան թուականը չէ վերջնականացած։
Թեհրան միջնորդական իր նախաձեռնութեան մասին յայտարարած էր Արցախի մէջ վերսկսած պատերազմէն մօտաւորապէս մէկ շաբաթ ետք, յուսալով «վերջ դնել տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող հակամարտութեան», սակայն մանրամասնութիւններ չէր տուած: