Լիբանանի սիրտը կը մնայ ցնցուած` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով:
Անօթեւան մնացած քաղաքացիները կը շարունակեն մաքրել իրենց բնակարանները եւ ամոքել իրենց վէրքերը:
Ճարտարապետներու սենտիքայի նախագահ Ժատ Թապեթ յայտնեց, որ Պէյրութի մէջ վնասներու գնահատման աշխատանքը պիտի աւարտի յառաջիկայ շաբաթ:
Ան շեշտեց, որ շինարարական աշխատանքը անմիջապէս պէտք է կատարուի` ընդգծելով, որ կարելի չէ երկար սպասել` նկատի ունենալով յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին անձրեւներուն վերադարձը:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան հասնող ալիւմինիոմն ու ապակիները պէտք է պետութեան հակակշիռին տակ առնել, որպէսզի ոմանք կացութիւնը չարաշահելու փորձեր չկատարեն:
Թապեթ ընդգծեց, որ իրենք իրենց աշխատանքը կը համադրեն կապալառուներու եւ հաշուապահներու սենտիքաներուն, ինչպէս նաեւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան հետ:
Նաւահանգիստին մէջ հետաքննութիւնը տակաւին կը շարունակուի:
Այս առումով երէկ յայտարարուեցաւ, որ «Էֆ. Պի. Այ.»-ի յատուկ հետաքննիչներ վաղը պիտի միանան նաւահանգիստին մէջ գործող լիբանանցի եւ օտար հետաքննիչներուն:
Որոնողական աշխատանքները իրենց կարգին կը շարունակուին` գտնելու համար անյայտ կորսուած բոլոր քաղաքացիները:
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն թիւը մնաց 177, վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ տակաւին կան 100 ծանրօրէն վիրաւորուածներ: Ան նշեց նաեւ, որ տակաւին 30 քաղաքայիններ անյայտ կորսուած են:
Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆ հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն, որ հետաքննութիւնը ներառէ միայն նաւահանգիստի ընդհանուր տնօրէնները` աւելցնելով, որ պէտք է լսել նաեւ բոլոր նախարարութիւնները եւ եթէ ի յայտ գայ, որ անոնք եւս պատասխանատու են, ապա իւրաքանչիւրը թող իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ:
Լիբանան Կը Շարունակէ Օժանդակութիւններ
Ստանալ Տարբեր Պետութիւններէ
Տարբեր երկիրներու կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւնները երէկ շարունակեցին հասնիլ Լիբանան:
Լիբանանեան բանակը Յորդանանէն Լիբանան հասած օդանաւէ մը ստանձնեց բժշկական օժանդակութիւններ:
Պէյրութ հասաւ նաեւ սննդեղէն փոխադրող քուէյթեան օդանաւ մը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրաքի կառավարութիւնը համաձայնութիւն յայտնած է 13 հազար թոն ցորեն ուղարկել Լիբանան` իբրեւ օժանդակութիւն լիբանանցի ժողովուրդին:
Միւս կողմէ, Միջազգային բարգաւաճման ամերիկեան կազմակերպութիւնը` «Եու. Էս. Էյտ», Լիբանանին տրամադրեց 18,1 միլիոն տոլար, իսկ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` 3 միլիոն տոլար` Պէյրութը հարուածած նաւահանգիստի հսկայական պայթումին գործած աւերին ծանրութիւնը մեղմացնելու նպատակով:
Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարին
Այցելութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ընդունեց Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստին հսկայական պայթումն ու անոր պատճառած հետեւանքները:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ծալքերը բացայայտելու առումով հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է:
Հանդիպումէն ետք Փարլի Պաապտայէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ հաստատեց, որ Ֆրանսա Լիբանանի կողքին պիտի մնայ, ի մասնաւորի` Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտէն ետք:
Փարլի ընդգծեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հրահանգած է Ֆրանսայի եւ Լիբանանի միջեւ օժանդակութիւններու օդային կամուրջ մը բանալ:
Փարլի նշեց, որ նախագահ Աուն իրմէ խնդրած է իր ողջոյնները եւ Լիբանանի երախտագիտութիւնը յայտնել նախագահ Մաքրոնին:
Փարլի այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնատեղի, ուր ընդունուեցաւ Աքրի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները:
Աքր հաստատեց, որ Լիբանան բարձր կը գնահատէ իրեն նկատմամբ Ֆրանսայի ցուցաբերած մնայուն զօրակցութիւնը:
Նշենք, որ Փարլի դարձեալ ուղղուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր ան ստանձնեց Լիբանանին նուիրուած ֆրանսական ծովուժի «Թոներ» ուղղաթիռակիր մարտանաւը:
Ան շեշտեց, որ Ֆրանսա Լիբանանին տրամադրած է բժշկական պիտոյք, դեղորայք, շտապ օգնութեան եւ որոնողական աշխատանքին մասնակցող խմբակներ, թոներով ալիւր, ինչպէս նաեւ 250 անկողին հաշուող դաշտային հիւանդանոց մը:
Փարլի աւելցուց նաեւ, որ 700 ֆրանսացի զինուորներ կը պատրաստուին ուղղուելու Լիբանան:
Ան հաստատեց, որ նախագահ Մաքրոն 1 սեպտեմբերին պիտի վերադառնայ Լիբանան` ընդգծելով, որ լիբանանցիները պէտք է կազմեն կառավարութիւն մը, որ յանդուգն որոշումներ տայ:
Հէյլ Այցելեց Աունի, Պըրրիի,
Տիապի, Հարիրիի, Ռայիի Եւ Ժոմպլաթի
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տեղակալ Տէյվիտ Հէյլ երէկ առաւօտեան ուղղուեցաւ նախագահական պալատ:
Նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Հէյլը եւ անոր ընկերակցող ամերիկեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ բարեկարգումներ կատարելու եւ փտածութեան դէմ պայքարելու իր յանձնառութեան:
Նախագահ Աուն Հէյլի հետ քննարկեց նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան նախնական արդիւնքները, անկէ պահանջելով օժանդակել Լիբանանին` իմանալու համար, թէ այդ նաւը ինչպէ՞ս հասած է Լիբանան եւ ո՛րն է այն կողմը, որ դիւրացուցած է այդ նաւուն Լիբանան ժամանումը:
Հանդիպումէն ետք Հէյլ յայտնեց, որ նախագահ Աունին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի եւ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի ցաւակցութիւնները` նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանցիներուն:
Հէյլ ընդգծեց, որ ամերիկեան վարչակազմը պիտի գործակցի լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ շրջանի իր դաշնակիցներուն հետ` օժանդակելու համար Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:
Զօրակցութեան եւ օժանդակութեան շրջագիծին մէջ, Հէյլ ընդգծեց բարեկարգումները իրագործելու եւ փտածութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարենայ ապահովել «Սետր»-ի գումարները եւ գործակցիլ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ` աւելցնելով, որ Լիբանան խիստ կարիք ունի նշեալ երկուքին:
Հէյլ ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Հէյլ ցաւակցութիւն յայտնեց Պէյրութի պայթումին հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն համար եւ հաստատեց Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը Լիբանանին:
Հանդիպումին ընթացքին գնահատումը կատարուեցաւ նաւահանգիստի պայթումին պատճառած նիւթական հսկայական վնասներուն:
Ապա ան Այն Թինէի մէջ ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:
Ժամը 12:45-ին Հէյլ հասաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը:
Հանդիպումէն ետք յայտնուեցաւ, որ Հարիրիի հետ խորհրդակցութիւնները եղած են դրական: Հէյլ դարձաւ Հարիրիի ճաշի հիւրը:
Երեկոյեան Հէյլ ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումէն ետք Հէյլ յայտնեց, որ այսուհետեւ իրենք կտրականապէս կը մերժեն դատարկ խոստումները:
«Մենք պատրաստ ենք զօրակցելու այն կառավարութեան, որ իսկական փոփոխութիւն կը կատարէ եւ կ՛ընդառաջէ լիբանանցիներուն կարիքներուն», ըսաւ ան:
Ուշ գիշերին Հէյլ Քլեմանսոյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ եւ դարձաւ անոր ընթրիքի հիւրը:
Զարիֆ. «Կը Հաստատեմ Իրանի Ամբողջական
Զօրակցութիւնը` Լիբանանի Հանդէպ»
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ երէկ առաւօտեան այցելեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստին հսկայական պայթումն ու անոր հետեւանքները:
Զարիֆ յայտնեց, որ ինք կը հաստատէ Իրանի ամբողջական զօրակցութիւնը` Լիբանանի կառավարութեան եւ լիբանանցիներուն հանդէպ:
Ան նշեց, որ ինք Ուեհպէի հետ քննարկած է Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ գործակցութեան հեռանկարները, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի վերակառուցման, դեղորայք եւ ելեկտրականութիւն տրամադրելու կարելիութիւնները:
Զարիֆ ընդգծեց, որ Իրանի կառավարութեան կողքին, նաեւ իրանեան սեփական ընկերութիւններ այս ուղղուածութիւնը ունին եւ կը փափաքին օժանդակել ու գործակցիլ Լիբանանի հետ, գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ:
Զարիֆ հաստատեց, որ Իրան կը հաւատայ, թէ Լիբանան իր ապագային համար ինքնուրոյն որոշումներ տալու ի վիճակի է, ինչպէս նաեւ կառչած կը մնայ ազատ ընտրանքներուն` առանց օտար կողմերու ճնշումներէն եւ իր աղէտալի պայմանները չարաշահող ուժերէն ազդուելու:
Նախագահ Աուն իր կարգին ընդունեց Զարիֆը, որ ընդգծեց, թէ Իրան պատրաստ է գործակցելու եղբայր Լիբանանին հետ` մայրաքաղաքը վերակառուցելու, ինչպէս նաեւ դեղորայք տրամադրելու առումով:
Զարիֆ հաստատեց Լիբանանին օժանդակելու միջազգային ջանքերուն անհրաժեշտութիւնը` նկատել տալով, որ իւրաքանչիւր երկիր պէտք չէ ճիգ խնայէ Լիբանանին օժանդակելու` յատկապէս այս աղէտալի փուլին, եւ ոչ թէ անձնական շահեր իրականացնելու համար շահագործէ տիրող պայմանները:
Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց Իրանի զօրակցութիւնը եւ Լիբանանի օժանդակութեան փութալու անոր պատրաստակամութիւնը:
Այն Թինէի մէջ Պըրրի ընդունեց Զարիֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Զարիֆ շեշտեց, որ Իրան պատրաստակամ է լիբանանցիներուն հետ գործակցելու` առողջապահութեան, ուժանիւթի եւ վերաշինութեան ու վերակառուցման մարզերուն մէջ:
«Ամբողջ աշխարհը պէտք է փութայ Լիբանանի օժանդակութեան` առանց նախապայմաններու մասին մտածելու», հաստատեց ան:
Զարիֆ շեշտեց, որ Լիբանան ինք պէտք է կատարէ Պէյրութի նաւահանգիստին հետաքննութիւնը` աւելցնելով, որ Իրան պատրաստ է օժանդակելու, եթէ անկէ օգնութիւն պահանջուի:
Զարիֆ յայտնեց, որ ներկայ ամերիկեան վարչակազմը փաստած է, թէ Լիբանանի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան մէջ տիրող իսկական կացութիւնը չ՛ըմբռներ եւ այս իմաստով բեմագրութիւններ կը պատրաստէ:
Զարիֆ այցելեց նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի: Քննարկուեցան այն օժանդակութիւնները, որոնք Իրան կրնայ տրամադրել Լիբանանին:
Միւս կողմէ, Լիբանանի դէմ Իսրայէլի սանձազերծած յուլիսեան պատերազմի յաղթանակին 14-ամեակին առիթով Զարիֆ շնորհաւորեց Լիբանանը եւ Դիմադրութեան յաղթանակը:
Երեկոյեան «Մայատին»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Զարիֆ յայտնեց, որ լիբանանեան ծովափին օտար մարտանաւերու գոյութիւնը բնական չէ եւ լիբանանցիներուն ու Դիմադրութեան դէմ սպառնալիք կը նկատուի:
Պրազիլական Պատուիրակութիւնը Կը Շարունակէ
Իր Այցելութիւնները` Զօրակցութիւն Յայտնելով Լիբանանին
Պրազիլական նախագահական պատուիրակութիւնը, որուն նախագահեց Պրազիլի նախկին նախագահ Միշել Թամեր, երէկ շարունակեց իր այցելութիւնները:
Կէսօրին պատուիրակութիւնը այցելեց Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ Պըրրիի կողմէ:
Հանդիպումէն ետք Թամեր յայտնեց, որ Պրազիլ նախանձախնդիր է, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական դերակատարութիւն ունենայ` քաղաքական ուժերը իրարու մօտ բերելու եւ լիբանանցիներուն միասնականութիւնը ամրապնդելու իմաստով:
Թամեր յայտնեց, որ Պրազիլ Լիբանանին տրամադրած է 6 թոն բժշկական օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ 4 թոն բրինձ, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի հասնի Լիբանան:
Պրազիլական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Տիապի, որուն յայտնեց Պրազիլի պետութեան եւ պրազիլացիներուն զօրակցութիւնը Լիբանանին ու լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ Պրազիլի պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու Լիբանանին:
Նախագահ Աուն Ընդունեց Քիւպիչ
Նախագահ Աուն երէկ կէսօրին ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան կը ջանայ բարեկարգումները գործադրել, փտածութեան դէմ պայքարիլ եւ իրաւական հաշուեքննութիւնը կատարել:
Ան ըսաւ, որ այս երեք աշխատանքները պիտի ըլլան նոր կազմուելիք կառավարութեան գլխաւոր աշխատանքները:
Նախագահ Աուն նշեց, որ նախքան երեսփոխանները վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու հրաւիրելը, ինք երկրին մէջ քաղաքական մթնոլորտ կը պատրաստէ այդ առումով, որպէսզի ապահովէ ներդաշնակ եւ արդիւնաբեր կառավարութիւն մը:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հանդէպ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին եւ միջազգային ընտանիքին ցուցաբերած զօրակցութեան համար` մաղթելով, որ այս ամսուան աւարտին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուի` նոյն օրէնքներով եւ կանոններով, առանց այդ ուժերուն թիւը կամ իրաւասութիւնները փոփոխութեան ենթարկելու:
Իր կարգին, Քիւպիչ յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու իմաստով խորհրդակցութիւնները դրական եղած են` աւելցնելով, որ Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրները այս իմաստով նախագահ Աունի յղած նամակներուն դրական անդրադարձած են:
Քիւպիչ յայտնեց, որ Ֆրանսա արդէն իսկ սկսած է պատրաստել այդ մասին բանաձեւ մը, որ պիտի քննարկուի Ապահովութեան խորհուրդի երկիրներուն հետ` համագործակցութեամբ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Ամալ Մտալլալիի հետ:
Երեկոյեան Քիւպիչ Պքերքէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Քիւպիչ ընդգծեց լուրջ բարեկարգումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Լիբանանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը վերահաստատուի, եւ անոնք մասնակցին Պէյրութի վերակառուցման օժանդակութիւններուն:
«Ռայի պատրիարքը լիբանանցիներուն անունով կը խօսի, իսկ միջազգային հասարակութիւնը կը սպասէ նոր կազմուելիք կառավարութեան բարեկարգումի ծրագիրին», ըսաւ Քիւպիչ:
Կառավարութեան Կազմութեան Թղթածրար
Կառավարութեան կազմութեան օրակարգով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իր կուսակցութիւնը կտրականապէս կը մերժէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կամ քաղաքական ուժերու կողմէ կազմուելիք կառավարութեան ձեւաչափը:
Ժահժահ կոչ ուղղեց կազմելու ազգային փրկութեան անկախ, նոր եւ չէզոք կառավարութիւն մը: