Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Իրաւական Հաշուեքննութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութիւնը Տեսակարար Քայլ Է Դէպի Թափանցիկութիւն Եւ Փտածութեան Դէմ Պայքար» «Պաշտօնավարութեանս Վերջին Տարին Պիտի Ըլլայ Իսկական Բարեկարգումներու Տարի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

September 18, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
New Lebanon cabinet lifts petrol price, signs audit deal

Ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ երէկ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» ընկերութեան հետ ստորագրեց իրաւական հաշուեքննութիւն կատարելու համաձայնագիրը:

Խալիլ տեղեակ պահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին` նշելով, որ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» աշխատանքը սկսելէ 12 շաբաթ ետք սկզբնական տեղեկագիր պիտի ներկայացնէ ելեւմուտքի նախարարութեան:

Նշենք, որ ելեւմուտքի նախարարը երէկ երեկոյեան տեղեկացաւ, որ մէկ միլիառ եւ 135 միլիոն տոլար ստացած է Միջազգային դրամական ֆոնտէն` գումար վերցնելու յատուկ իրաւունքներու շրջագիծին մէջ:

Միջազգային դրամական ֆոնտին տրամադրած գումարը փոխանցուած է Կեդրոնական դրամատան մէջ ելեւմուտքի նախարարութեան հաշիւին:

Իրաւական հաշուեքննութիւն իրականացնող «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան հետ Լիբանանի ստորագրած համաձայնագիրին մասին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու աշխատանքին մեկնարկը կատարուած է արդէն` աւելցնելով, որ անիկա տեսակարար քայլ մըն է թափանցիկութեան, փտածութեան դէմ պայքարի, բարեկարգումի, հաշուետուութեան եւ այլ օրէնքներուն յանձնառու մնալու:

«Իրաւական հաշուեքննութիւնը, որ պիտի սկսի 20 ամսուան տքնաջան աշխատանքէ ետք, ո՛չ միայն կրնայ բացայայտել տնտեսական, ընկերային եւ ելեւմտական փլուզումին պատճառները, որոնց մասին իմանալը լիբանանցիներուն իրաւունքն է, այլեւ` ճամբայ կը բանայ բարեկարգումներու դիմաց, ինչպէս նաեւ կը յարմարի միջազգային ընտանիքին կողմէ Լիբանանին ուղղուած յանձնարարութիւններուն իրագործումին», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ իրաւական հաշուեքննութիւնը աւելի ուշ պիտի ներառէ պետական այլ հաստատութիւններ եւ վարչութիւններ, խորհուրդներ եւ ֆոնտեր, յատկապէս այն մարզերն ու կառոյցները, որոնց մասին կասկածներ շրջանառութեան մէջ դրուած են նախորդ 30 տարիներուն ընթացքին:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ իր պաշտօնավարութեան վերջին տարին պիտի ըլլայ իսկական բարեկարգումներու տարին:

«Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելը բարեկարգումի հսկայ դարպաս մըն է, որուն հետ զուգահեռ պէտք է ընթանան տնտեսական ապաքինման եւ բարգաւաճման ծրագիրները, որպէսզի իսկապէս Լիբանանի փրկութեան հոլովոյթը սկսի` համապատասխանելով նորակազմ կառավարութեան գործունէութեան կարգախօսին:

Նախագահ Աունի Այցելուները

Նախագահ Աուն երէկ ընդունեց նախկին փոխվարչապետ, պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Զէյնա Աքըրը, որուն հետ քննարկեց իր ստանձնած պատասխանատուութիւններն ու արձանագրած նուաճումները:

Աքըր շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` անոր ցուցաբերած գործակցութեան համար:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ արդարութեան նախկին նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմը, որ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար:

Ան յայտնեց, թէ ինք կը կասկածի Լիբանանի մէջ արմատական փոփոխութիւն իրականացնելու մասին, երբ համայնքային բաժնեկցութեան մտայնութիւնն ու գործելակերպը տիրական են:

Նախագահ Աուն Նաժըմի հետ քննարկեց նաեւ օրինական այն քայլերը, որոնց Լիբանան կրնայ դիմել օտար երկիրներու մէջ` վերադարձնելու համար փտածութեան ուղիով դուրս փոխանցուած գումարները:

Previous Post

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Ամէն Ջանք Ի Գործ Պիտի Դնէ Ելեկտրականութեան Ընդհատումները Մեղմացնելու»

Next Post

Գիտակից Եւ Դեռ Հայրենասէր Ժողովուրդը Անկախութեան Տարեդարձին Դիմաց

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.