ՍՈՒԼԷՅՄԱՆԻԱ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ հակակառավարական տրամադրութիւնները բորբոքած են ու շարք մը քաղաքներու մէջ հակակառավարական ցոյցեր տեղի կ՛ունենան։ Շաբաթասկիզբը սկսած ցոյցերը, որոնք շարունակուեցան Չորեքշաբի օր, ցարդ խլած են առնուազն 5 զոհեր. արձանագրուած են նաեւ տասնեակներով վիրաւորներ:
Դեկտեմբեր 19ին, մեծաթիւ ցուցարարներ հաւաքուեցան Սուլէյմանիայի կեդրոնական շրջաններուն մէջ, ուր բախումներ տեղի ունեցան ապահովական մարմիններուն հետ:
Բողոքի ցոյցեր կազմակերպուեցան նաեւ Քաֆրի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ:
Քուէյսանճաք գաւառին մէջ ցուցարարները ներխուժեցին գաւառապետութեան շէնք եւ զայն հրկիզեցին:
Երկուշաբթի գիշեր Արպիլի, Սուլէյմանիայի, Հալապճայի, Տըհոքի եւ քանի մը այլ քաղաքներու մէջ ցուցարարներ յարձակած են քրտական գլխաւոր կուսակցութիւններու կեդրոնատեղիներուն վրայ:
Քիւրտ բնակչութիւնը դժգոհ է տեղական իշխանութիւններէն՝ իրենց աշխատավարձերը չփոխանցելուն եւ այլ պարտաւորութիւններ չկատարելուն պատճառով: Բողոքի ցոյցերուն միացած են նաեւ բազմաթիւ պետական պաշտօնատարներ: