ՏԱՀԵՇ-ի անդամ 29-ամեայ իրաքցի մը` Թահա Ճումայլի, ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ «եզիտիներու դէմ ցեղասպանութեան յանցանքով»:
Գերմանիոյ Ֆրանքֆորթ քաղաքի դատարանը առկախեց վճիռին ընթերցումը, երբ դատապարտեալը ուշքը կորսնցուց` լսելէ ետք իր դէմ արձակուած վճիռը:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը, որ հաղորդեց լուրը, կ՛աւելցնէ, որ այս քայլը նախընթաց մը կը կազմէ եզիտիներոու դէմ գործուած յարձակումներու եւ ջարդերու շուրջ կատարուող հետաքննութեանց ծիրին մէջ: ՄԱԿ-ի հետաքննիչներ հաստատած էին, որ «ջարդերը իրենց վայրագութեամբ ցեղասպանութեան յանգած էին»: