Նուէր՝ Մ. Մեծարենցի Յիշատակին
Նօթ մը կարմիր կը կէտկիտուի գորշին մէջ …
Աղջամուղջէն գունատ մաշկ մ’է մնացեր …
Կարծես ամպեր՝ թանթը շիկնող արեւին
Քօղաթագչուն ուրիշ աշխարհ պիտ’ տանին …
Հեռուներու ջրերում էջ ծուփալար՝
Վէտվէտումներ լուսէ ժանեակ կ’երիզեն …
Կարծես արեգն աղջիկ մ’ըլլար անսնար
Կոհակումներ ոսկի սաւան կը փռեն …
Բայց երեկոն առկայծաւուն կը սահի
Անտառն ի վեր կանթեղակոն ծառերու …
Կախօրաններ շողաթել-թել կը սարքին
Մէկ ծառի տակ մեծղի արեւ մ’օրրելու …
Ու կը հծծեն շնչաւորները իրար …
Խխունջ մը նուրբ փակած կոստղի մը արծաթ`
Ձիւթ ու հիւթով մազտաքէով խայծակարթ՝
Լորտ արեւին դարձի ճամբայ կը գծէ …
Քիչ մը անդին արփածաղիկ մը դեղին՝
Կը խոնարհի հրաժեշտի համբոյրին …
Արփ ու ծաղիկ սիրահարներ տարածիլ՝
Կը խոստանան այգաճամբուն հանդիպիլ …
Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան