ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 172
Ափ մը հայութիւն` համայնակուլ աշխարհի բաւիղներուն մէջ: Բուռ մը ժողովուրդ` խօլ քաղաքակրթութիւններու խաժամուժին մէջ: Ահա՛ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի հանապազօրեայ պայքարը՝ Հայկեան օրերէն մինչեւ անոր ներկան:
Աշխարհի տարբեր ափերու վրայ վերապրող սփիւռքահայութիւնը եւ հայրենի ժողովուրդը այսօր կ’ոգեկոչեն ժամանակակից պատմութեան ամենատխուր էջերէն մէկուն յիշատակը` քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցը:
Հարիւր եւ հինգ տարիներ մեզ կը հեռացնեն պատմութեան այն ժամանակաշրջանէն, երբ` օգտագործելով Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին, մեծ պետութիւններու միջեւ խորացող բեւեռացումը, քաջալերուելով քայզերական Գերմանիոյ ռազմական եւ բարոյական նեցուկէն, Երիտասարդ Թուրքերը մշակեցին եւ գործադրութեան դրին Արեւմտահայաստանը հայաթափելու, հայ ժողովուրդը ընդմիշտ բնաջնջելու փանթուրանական ծրագիրը:
Սարսափելի ոճիրները, տեղահանութիւններու ընթացքին կատարուած աննախադէպ վայրագութիւններուն մասին արեւմտեան աղբիւրներու վկայութիւններն ու մամուլի արձագանգը, դատապարտումի լայն ալիք մը բարձրացուցին Դաշնակից պետութիւններուն մօտ: Անոնք խոստացան պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք քրէական պատասխանատուութեան կանչել զարհուրելի ոճիրներուն կազմակերպիչներն ու գործադրողները: Հրէշային եղելութիւնները բնութագրող «ցեղասպանութիւն» եզրը տակաւին գոյութիւն չունէր մարդկային բառարանին մէջ…: Տարիներ ետք, միայն` հրեաներու դէմ հիթլէրեան Գերմանիոյ կազմակերպած կոտորածները նկարագրող Ռաֆայէլ Լեմքին, իբրեւ հրէական ցեղասպանութեան նախատիպ ներկայացուց հայ ժողովուրդին դէմ 1915-ին գործուած ոճիրները: Լեմքինի հաստատումներուն վրայ հիմնուելով, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան որդեգրեց Ցեղասպանութեան Ուխտը (1948)։
Ճիշդ է, որ ՄԱԿ-ի համապատասխան ուխտին մէջ ոչ մէկ յիշատակութիւն կայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, սակայն այն փաստը, որ Լեմքին անառարկելիօրէն 1915-ը ընդունած է իբրեւ ցեղասպանութիւն եւ հետագային, ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց ենթայանձնաժողովին համար Ուիթեքըրի կազմած տեղեկագրին մէջ Հայկական ցեղասպանութեան նշումը, մեզի կրնայ բաւարար հիմք տալ պահանջատիրական մեր պայքարը հետապնդելու իրաւական դաշտի վրայ: Հետեւաբար իրաւունքի առջեւ չի կրնար դիմանալ ցեղասպանութեան «թղթածրարը» պատմաբաններուն յանձնելու Թուրքիոյ յանկերգը: Պատմութեան խեղաթիւրումներուն եւ ուրացման քաղաքականութեան դէմ պայքարը մեզմէ կը պահանջէ յաւելեալ լարում եւ նուիրում: Երբ ծանրանանք ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման անհրաժեշտութեան վրայ, հարցը ինքնաբերաբար փոխադրած պիտի ըլլանք իրաւական դաշտ:
Խորհրդարանական ճանաչումները միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն ոչինչ կը նշանակեն: Խորքին մէջ, մենք անհրաժեշտութիւնը չունինք նախագահներու ողորմութեան, կամ ներքաղաքական զարգացումներու մէջ ցեղասպանութիւնը շահարկելու ոմանց շիլ խաղերուն: Բարոյական զօրակցութիւնը եւ աջակցութիւնը վստահաբար պիտի ունենան իրենց դերակատարութիւնը, սակայն կը դատապարտենք մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը շահադիտական հաշուարկներու վրայ փոխադրելու ոմանց մօտեցումները:
Հարիւր եւ հինգ տարիներ անցած են տխրայիշատակ այդ օրերէն: Մեզմէ իւրաքանչիւրս խարան մը ունի իր ճակատին վրայ, պատգամ մը նահատակներէն՝ շարունակելու ճշմարտութիւնը բացայայտելու պայքարը եւ հատուցում պահանջելու յանցագործէն: Ճիշտ այս պատճառով անհրաժեշտ է ունենալ ռազմավարական միացեալ հայեցակարգ: Ցեղասպանութեան հետապնդումը կ’ընդգրկէ կազմակերպչական, քարոզչական, իրաւական եւ տակաւին այլազան ոլորտներ: Չի բաւեր թուարկել զանոնք, այլ անհրաժեշտ է ծրագրաւորել եւ մղել հունաւորուած աշխատանք: Ցաւ ի սիրտ, առ այսօր, Սփիւռք եւ հայրենիք միասնական պատկերացում չունինք պահանջատիրական պայքարին շուրջ: Առանց թերագնահատելու պահանջատիրական գետնի վրայ ցարդ կատարուած աշխատանքը, նախ անհրաժեշտ է յստակացնել թէ ի՛նչ կը հասկնանք պահանջատիրութիւն եզրով եւ ապա` որմէ ի՛նչ կը պահանջենք: Հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած ցեղասպանութենէն հարիւր եւ հինգ տարի ետք, նուաստացուցիչ է պարզապէս, պահանջատիրութեան մասին խօսիլ բեմերէն, սակայն, առանց յստակօրէն բնորոշելու, թէ ի՛նչպէս կը պատկերացնենք պահանջատիրութիւնը եւ ի՛նչ կը պահանջենք ցեղասպանէն: Համապարփակ եւ ամբողջական կեցուածքի մը բացակայութիւնը զգալի է տարբեր մակարդակներու վրայ եւ գրեթէ ամէնուրեք: Դժբախտաբար, առ այսօր, մեզմէ իւրաքանչիւրս ըստ իր հայեցողութեան կը մեկնաբանէ պահանջատիրութիւնը:
Այսօր բազմաթիւ կոչեր կան պահանջատիրական պայքարը տեղափոխելու իրաւական դաշտ: Համաձայն ենք, որ իրաւագիտական ճամբաներով պէտք է հետապնդենք մեր իրաւունքներու ձեռքբերումը, եւ ատոր համար անհրաժեշտ է կազմել ցեղասպանագէտներու եւ իրաւագէտներու խորհուրդ: Առանց անունները յիշատակելու մեր նուիրեալ ցեղասպանագէտներուն, հարց կու տանք, թէ համայն Սփիւռքի տարածութեան վրայ քանի՞ ցեղասպանագէտ եւ պատմագէտ պատրաստած ենք առ այսօր կամ իրենց ցանկութեամբ այդ բնագաւառներն ընտրողները ապահոված ստեղծագործական աշխատանքի բաւարար պայմաններով…: Պարագան նոյնն է իրաւաբաններուն համար, որոնց կարիքը կը զգանք այսօր։
Պահանջատիրական մեր պայքարին մէջ Սփիւռք եւ հայրենիք պէտք է ներկայանան իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Մասնակի լուծումներ, հատուածական շահեր պիտի քաջալերեն, որ ցեղասպանը իբրեւ բարեգործ ներկայանայ հանրային կարծիքին առջեւ եւ շարունակէ ժխտել ճշմարտութիւնը:
Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութենէն հարիւր եւ հինգ տարիներ ետք անհրաժեշտ է միանգամընդմիշտ յստակացնել պահանջատիրութեան իրաւատէրը: Սփիւռքը ժառանգորդն է կորուսեալ արեւմտահայաստանին, սակայն իրաւատէրը` հայրենի պետականութիւնն է: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է Սփիւռքի եւ հայրենիքի ուժերու համադրում, մարտավարութեան ճշդում եւ հետապնդում:
Մենք` լիբանանահայերս չենք կրնար անտարբեր մնալ յատկապէս վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի քաղաքականութեան մէջ թափանցելու Թուրքիոյ փորձերուն առջեւ: Միաժամանակ անհրաժեշտ է զգուշանալ թրքական վտանգը քօղարկելու ոմանց ծածուկ փորձերէն: Պէտք չէ մոռնալ, որ արաբական երկիրներ թափանցելու Թուրքիոյ քայլերը նաեւ կը միտին հարուածելու պահանջատիրական մեր պայքարը: Շատ մը արաբներ կը մոռնան, որ իրենց հայրերն ու մեծ հայրերը նոյնպէս արժանացած են հայերու ճակատագիրին:
Պահանջատիրական պայքարը աւելի սերտ գործակցութեան հրամայականին առջեւ կը դնէ սփիւռքահայ կուսակցութիւնները, եկեղեցին, հասարակական կազմակերպութիւնները: Բոլորին հիմնական պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հայ մարդու կերտումը, հայապահպանումը եւ պահանջատիրութեան հետապնդումը:
Հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցը հայ ժողովուրդին համար պիտի դառնայ միասնականութեան եւ պայքարը միասնականօրէն շարունակելու ուխտի օր:
Մեծ Եղեռնի 105-ամեակին կ’ուխտեմ հաւատարիմ մնալ նահատակներու կտակին եւ հաւաքական քայլերով շարունակել պահանջատիրական պայքարը:
ՅԱՐԳԱՆՔ ՄԵՐ ԲԻՒՐԱՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿԱՆԵՐՈՒՆ։