Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Կը թուի, թէ աշխարհի իրաւարարութեան իրենք զիրենք կոչածներ, որոնք կը խօսին նաեւ մարդու իրաւունքներու մասին, պիտի հասկնան, որ համայն մարդկութեան կը սպառնան նոր վտանգներ: Հիւլէական ռումբերու վտանգը հեռու է պարզ այն պատճառով, որ նախորդ դարու մրցակից պետութիւնները այսօր հաւասարապէս օժտուած են աւերիչ նոյն ուժերով եւ զիրար կը հաւասարակշռեն:
Բայց կարգ մը ժողովուրդներու եւ անոնց ղեկավարներու նուաճողական եւ ծաւալապաշտական մտածողութիւնները կը շարունակուին, մանաւանդ երբ յստակ վերաբերումի եւ ընդդիմութեան չեն արժանանար: Քիչ մը պէտք է օգտուիլ պատմութեան դասէն: Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարները շատ լաւ գիտէին, որ իրենք կը գտնուէին աշխարհներու մէջ, ուր ոչ անցեալ ունէին, ուր ո՛չ մէկ մշակոյթ ստեղծած էին` պարզապէս քրտինք չունէին: Իրաւունք ստեղծած էին` զէնքով եւ մահ սփռելով, կռիւով եւ ներխուժումով: Այս բռնութեամբ ձեռք բերուած տիրակալութեան թրքական տրամաբանութիւնը միշտ եղած է նոր գրաւումներով ինքնահաստատում ունենալու ճիգ: Օսմանցիները իրենց կայսրութիւնը տարածած էին մինչեւ Եւրոպա եւ գրաւած` անոր մէկ մասը: Այդ գրաւումներուն հետքերը այսօր ալ Եւրոպայի մէջ կը շարունակուին եւ պատճառ են ազգամիջեան բախումներու, ինչպէս որ է պարագան Պալքանեան երկիրներու: Օսմանեան կայսրութեան քաղաքական միտքը տարածման մէջ էր:
Օսմանեան կայսրութեան եւրոպական ցամաքամասի վրայ յառաջխաղացքը կանգ առած էր 1863-ին, Վիեննայի պատերուն տակ, երբ օսմանեան բանակը չէր յաջողած գրաւել քաղաքը եւ` նահանջած:
Օսմանեան կայսրութիւնը` որպէս քաղաքական կառոյց, գոյութիւն չունի Ա. Աշխարհամարտի աւարտէն ի վեր, երբ ան կորսնցուց իր կողմէ գրաւուած բազմաթիւ երկիրներ: Անիրաւուած մնացին` հայերը, յոյները, արաբները եւ քիւրտերը: Այսինքն կրճատուեցաւ Օսմանեան կայսրութիւնը, բայց վերջ չգտաւ` ո՛չ որպէս տարածութիւն եւ ո՛չ որպէս քաղաքական-ռազմավարական մտածողութիւն, պատերազմի աւարտին ի յայտ եկած յաղթական երկիրներու անհեռատես եւ այսօր ալ այդպէս շարունակուող քաղաքականութեան պատճառով: Եթէ այս քաղաքական ծրագիրը պարզօրէն կը տեսնենք եւ կը հասկնանք այսօր, անկարելի է ենթադրել, որ մեծ տէրութիւնները, ինչպէս կ՛ըսուէր, Անգլիան, Ֆրանսան, Իտալիան, Գերմանիան, Ռուսիան, Ամերիկան եւ ուրիշներ չէին տեսներ եւ չեն տեսներ այսօր:
Եթէ լսած ըլլային Ամերիկայի դեսպան Հանրի Մորկընթաուի խօսքը, որ Թուրքիան քաղաքական աւազակ մըն է, միջազգային քաղաքական կացութիւնը այսօր տարբեր կ՛ըլլար, պատերազմներ եւ աւերներ կը կանխուէին:Թուրքիան կը շարունակէ իր ընթացքը եւ զարմանալի կերպով իր ուռկանին մէջ կը ցանցուին մեծ եւ հզօր երկիրները` Ամերիկան եւ Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Գերմանիան, Անգլիան եւ արաբները:
Մեծ կոչուած երկիրները կ՛առաջնորդուին իշխանական եւ պետական եսակեդրոն շահերով: Ո՞վ չի գիտեր, որ Թուրքիան եւ իր նախագահը օժանդակած են Իսլամական Պետութիւն կոչուած ահաբեկչական շարժման, օգտուած են, անոր նաւթը առած եւ ծախած են: Իր աղմկալի յայտարարութիւններէն ետք, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, Թուրքիոյ մերձեցումը Ռուսիոյ հետ խոչնդոտելու համար, ընդունած է այցելութիւնը Թուրքիոյ նախագահին, որ իր ուզած ձեւով մեկնաբանած է քաղաքական կացութիւնը` միջամտելով նոյնիսկ Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու տան (Քոնկրես) որոշումներուն, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, եւ յեղյեղած է արդէն դասական դարձած իր մեկնաբանութիւնները:
Այս արդէն Թուրքիոյ քաղաքական դասական խաղն է:
Բայց վերջին մեծ նորութիւնը այն է, որ Թուրքիոյ նախագահը հայերը համարած է քոչուոր: Ոչ ոք տարրական պարկեշտութիւնը եւ քաջութիւնը չէ ունեցած ըսելու, որ աշխարհի այդ տարածքին թուրքը ինք եղած է քոչուոր, օտար, եկուոր, հոն ոչ մէկ արմատ ունեցած է, բռնութեամբ տիրացած է քաղաքակրթութիւն եւ մշակոյթ ստեղծած ժողովուրդներու հողին եւ ինչքին: Ե՞րբ կառուցած է Սուրբ Սոֆիա տաճարը, ե՞րբ կառուցուած է Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին, ո՞ւր էին թուրքերը, ո՞ւր էին թուրքերը, երբ անոնք կառուցուած են:
Այս կեղծիքը եւ կարծրացումը ներկայիս աւելի կը շեշտուին կրօնապաշտ եւ ազգայնական մենատէր դարձած Թուրքիոյ ամբողջ իշխանութիւնը իւրացուցած նախագահին վարած քաղաքականութեան պատճառով: Ժողովրդավար երկիրները կը տեսնեն, եւ բնական հետեւութեամբ պէտք է գիտնան, որ բանտերը լեցուցած Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անընդունելի անձնաւորութիւն է: Բայց քաղաքական-պետական շահերը միշտ ալ ծալած եւ նստած են սկզբունքներու վրայ, որուն վերջին պատկերազարդ պատմութիւնը անոր նախագահ Տոնալտ Թրամփի հետ տեսակցութիւնն է եւ` յերիւրածոյ արտայայտութիւնները:
Բայց ինչ որ ալ պատահի եւ ըսուի, Ռեճեփ Էրտողանի վերաբերումները, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը անհամատեղելի են Եւրոմիութեան սկզբունքներուն հետ:
Եւրոմիութիւնն ալ, օր մը, այլազան անմիջական շահերու տուրք տալով, կրնայ շրջանցել սկզբունքները:
Թէեւ քաղաքական դէմքեր կան, կան պարկեշտ քաղաքագէտներ, վերլուծաբաններ եւ լրագրողներ, որոնք կը մտածեն, երբեմն ալ կ՛արտայայտուին, որ միջպետական դիմակահանդէսին վերջ պէտք է տալ, ոչ թէ` անոր համար միայն, որ պարկեշտ եւ ազնիւ են, այլ անոր համար, որ Ռեճեփ Էրտողան, անձնատուր` օսմանեան ծաւալապաշտական երազին, այլեւս վտանգ է ազատ երկիրներու, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքին:
Այսօր, աւելի քան երբեք, Թուրքիոյ կողմէ անիրաւուած ժողովուրդները, իսկական միացեալ ճակատ կազմելով, պէտք է ընդդիմանան նոր-կայսերական երազներով առաջնորդուող Թուրքիոյ եւ անոր մենատիրութիւն հաստատած նախագահին:
Քիչ կը խօսուի Ռեճեփ Էրտողանի Թուրքիայէն դուրս, կռթնելով եւրոպական երկիրներու մէջ հաստատուած թրքական համայնքներուն վրայ, քաղաքական ուժ ստեղծելու նկրտումներու մասին: Օրինակ, երբ ան կը թելադրէ Գերմանիոյ թուրքերուն, որ շատ զաւակ ունենան, որպէսզի ժողովրդավարական կարգով ազդեն երկրի քաղաքականութեան վրայ: Նման կացութիւն ստեղծելու միտումը բացակայ պէտք չէ ըլլայ նաեւ ինչ կը վերաբերի Հոլանտայի եւ Ֆրանսայի: Պատեհապաշտութեամբ, Ռեճեփ Էրտողան կրօնական նոյնութեան ազդակով կրնայ շահագործել նաեւ օսմանեան գրաւման տակ ապրած արաբները:
Հայկական ներազգային լուսաբանումը, այս հարցերով, օգտակար է, անկասկա՛ծ: Բայց այդ լուսաբանումը նաեւ հայութիւնը ինք պիտի տանի միջազգային հրապարակ, ինչպէս ըսի` կազմելով միացեալ ճակատ:
Ի հարկէ, կարենալ ճակատ յարդարելու համար համայնքային, տեղական եւ սիրողական միջոցները անբաւարար են թրքական միջոցներուն եւ կարելիութիւններուն դիմաց:
Աւելի մեծ տեսնելու եւ աւելի մեծ մասնագիտական կազմակերպութիւն ստեղծելու հարցի դիմաց կանգնած ենք:
Հայկական եւ հայերէն թերթի մէջ գրուածէն անդին` իսկական ազդեցութեան ուժը օտարալեզու մեծ թերթերն են, զանգուածային մեծ լրատուամիջոցները: Ոչ` օտարալեզու ներհայկական սպառման ծառայող հրատարակութիւնները եւ լրատուամիջոցները:
Ինչպէ՞ս այդ ընել: Պարզ` կազմակերպութեամբ, որ չըլլայ մասնակի եւ տեղական: Հանդիսութիւն եւ նոյնիսկ ցոյց կազմակեպելու տենդէն վեր բարձրանալով:
Պէտք է գիտնալ նաեւ, որ բոլոր թուրքերը Ռեճեփ Էրտողան, Թալէաթ, Էնվեր եւ Պեհաէտտին Շաքիր չեն եւ ըստ այնմ գործել:
Գիրք մը ապսպրած էի եւ ստացայ այսօր, երբ կը կարծէի աւարտած ըլլալ այս յօդուածը: Գիրքին անունն է` La Turquie, L՛heure de vérité, 320 էջ, հրատարակութիւն` Editions Empreinte, temps présent, հեղինակ` Ariane Bonzon, ֆրանսական կարեւոր քաղաքական հրատարակութիւն Le Monde Diplomatique ամսագրի անձկազմի անդամ:
Գիրքի ընթերցումէն ետք ի հարկէ պիտի անդրադառնամ: Բայց գիրքին սկիզբը մէջբերուած Հաննա Արենտի մտածումը օգտակար կ՛ըլլայ նաեւ մեզի, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), երբ քաղաքականութիւն կը խաղանք, կամ կ՛ուզենք անոր պարկոթը ըլլալ:
Հաննա Արենտ կ՛ըսէ. «Երբ ամէն ոք տեւաբար ձեզի սուտ կը խօսի, արդիւնքը այն չէ միայն, որ դուք կը հաւատաք այդ սուտերուն, այլ այն, որ ոչ ոք ոչ մէկ բանի կը հաւատայ: Ժողովուրդ մը, որ ալ չի կրնար որեւէ բանի հաւատալ, չի կրնար կարծիք ունենալ: Ան զրկուած կ՛ըլլայ ոչ միայն իր գործելու կարողութենէն, այլ նաեւ` իր մտածելու եւ դատելու կարողութենէն: Եւ նման ժողովուրդով մը դուք կրնաք ընել այն, ինչ որ ուզէք»:
Այժմէակա՛ն:
16 նոյեմբեր 2019, Նուազի-լը-Կրան