ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Լաթվիա պաշտօնապէս ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ 100 անդամներէն 58-ին համաձայնութեամբ: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Լաթվիոյ, Լիթուանիոյ եւ Էսթոնիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեան: Ան դիտել տուաւ, ինչ որ տարիներ շարունակ դժուար էր պատկերացել, արդէն իրականութիւն դարձաւ՝ վերջին տարիներու տքնաջան աշխատանքին իբրեւ արդիւնք։
Ան յիշեցուց, որ տակաւին 24 Ապրիլ 2020-ին Լաթվիոյ խորհրդարանի երկու ուժեր, որոնք նաեւ իշխող դաշինքի անդամներ են, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող եւ դատապարտող յայտարարութիւններ կատարեցին: «Այս ուժերի, ինչպէս նաեւ «Համաձայնութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցիչների մեծ մասի նախաձեռնութեամբ էլ 2021 Փետրուարից սկսուեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը, որի արդիւնքում բանաձեւ-յայտարարութիւն ներկայացուեց Ապրիլի 23-ին: Ապրիլի 29-ին նախնական բանաձեւի տարբերակը առարկութիւններով յետաձգուեց մէկ շաբաթով: Բանաձեւի փոփոխուած տարբերակ առաջարկեց Արտաքին յարաբերութիւնների մշտական յանձնաժողովը, որի շուրջ նոյնպէս ծաւալուեց ինտենսիւ քննարկում եւ որը նոյնպէս վերջին երկու ամիսների ընթացքում զուգահեռ աշխատանքներ է ծաւալել այս ուղղութեամբ», կը գռէ Տիգրան Մկրտչեան` յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով լաթվիացի այն խորհրդարանականներուն, որոնք նպաստեցին այս հարցին: