Եգիպտահայ, այժմ Ամերիկա բնակող ճանչցուած դերասանուհի Նորա Արմանի. «Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ հայուհիի մը կեանքի պատմութիւնը, որ խոր արմատներով կապուած է իր Հայրենիքին: Ան շրջապատին մէջ միշտ սէր կը տարածէ եւ անկախ ամէն ինչէ` կը ժպտի իրեն հանդիպող դժուարութիւններուն:
–Տիկին Նորա՛, յաճախ Հայաստան կու գա՞ք:
-Բաւականին, սակայն ճիշդն ըսեմ` այնքան շատ չեմ գար Հայաստան, որքան կը ցանկայի: Ինչպէս անցեալ տարի, այս անգամ նոյնպէս ինծի Հայաստան բերաւ «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակաբաշխութիւնը:
Թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ բոլորովին նոր գոյներու մէջ բացայայտեցի Հայաստանը. մարդոց աւելի հպարտ, ազնիւ ու ժպտուն աչքերով տեսայ: Ես ԱՄՆ-էն ամբողջ օրն անդադար կը հետեւէի յեղափոխութեան ընթացքին` հաւատով սպասելով հայ ժողովուրդի արդար յաղթանակին:
–Հայաստանէն հեռու կարօտի ինչ զգացուﬓեր կ՛ունենաք առ հայրենի՞ք:
– Կարօտի այդ զգացումը տարիներու ընթացքին փոխուած է: Եթէ խորհրդանշական գրաֆիկ կազﬔմ, նախ կարօտն արտայայտուած է առաջին անգամ Հայաստան գալու, տեսարժան վայրերը տեսնելու ցանկութենէն ելլելով: Ժամանակի ընթացքին արդէն Սփիւռքի հետ մշակութային կապերու կոﬕտէի ﬕջոցով Հայաստանի հետ շփումը սերտացաւ: Յետոյ Հայաստան կու գայի նկարահանուﬓերու նպատակով՝ այդպիսով յաճախակի դարձնելով այցելութիւններս: Հիմա կարօտս կ՛արտայայտուի Հայաստանի մէջ ապրող ազգականներուս հանդէպ: Հեռու գտնուելով` կը մտածեմ անոնց ապագային մասին:
–Ձեր ծնողներէն ստացած աﬔնաﬔծ խորհուրդը որ եղած է ձեզի համա՞ր:
-Շատ կարեւոր ու թանկ խորհուրդներ ստացած եմ ծնողներէս: Լուսահոգի հայրս կ՛ըսէր, որ ﬕշտ առաջ նայիմ եւ չափսոսամ չըրած գործերուս համար: Մինչեւ հիմա իմ կեանքիս մէջ կը կիրառեմ հօրս պատգամը:
–Երբ հասկցա՞ք, որ բեմը ձեր ճակատագիրն է:
-Շատոնց հասկցած էի, որ բեմը իմս է եւ սէր ունիմ դերասանութեան հանդէպ: Սակայն Եգիպտոսի մէջ բարենպաստ պայմաններ չկային այդ ասպարէզին մէջ կատարելագործուելու եւ կայանալու համար: Սկիզբը մէկ տարի սորված եմ բժշկական համալսարանին մէջ, յետոյ ընդունուած եմ Գահիրէի Աﬔրիկեան համալսարան` ուսանելով ընկերաբանութիւն եւ թատրոն: Այնուհետեւ ուսանած եմ Լոնտոնի տնտեսութեան եւ քաղաքական գիտութիւններու դպրոցին մէջ (London School of Economics): Թատերական կրթութիւնը ստացած եմ Լոնտոնի դրամատիկական արուեստի թագաւորական ակադեﬕային մէջ (RADA) եւ Քալիֆոռնիոյ համալսարանին մէջ (UCLA): Փարիզի եւ Լոնտոնի մէջ հետեւած եմ տարբեր թատերական ծրագիրներու` աշխատակցելով Իրինա Պրուքի եւ անոր հօր աշակերտ` Եօշի Օիտայի, Արիան Մնուշկինի (Theatre du Soleil) հետ:
1974 թուականէն համատեղ ելոյթներ ունեցած եմ դերասան-բեմադրիչ Ժիրայր Բաբազեանի հետ, ինչպէս նաեւ խաղցած եմ Եգիտոսի գեղարուեստասիրաց ﬕութեան բեﬔրուն վրայ:
–Կայ արդեօք դե՞ր, որ ﬕնչեւ հիմա չէք խաղցած եւ որուն մասին կը մտածէք:
-Յատուկ չեմ մտածած այն մասին, թէ որ դերը կ’ուզեմ խաղալ կամ որ դերը հոգեհարազատ է ինծի: Մտահոգութիւնս ﬕայն այն է, որ խաղցած դերս, կերտած կերպարս ազդեցութիւն ձգէ հանդիսատեսին վրայ:
Եթէ գէթ մէկ հոգի խաղցած դերիս հետեւանքով իր կեանքին մէջ դրական տեղաշարժ ունենայ, ապա ես աﬔնաերջանիկ դերասաններէն մէկը կը համարեմ անձս:
Անգամ մը ներկայացուէն ետք երիտասարդ աղջիկ մը ինծի մօտեցաւ եւ ըսաւ, որ տարիներ առաջ իրենց դպրոցին մէջ տեղի ունեցած ներկայացումէն յետոյ այնքան տպաւորուած է իմ խաղէս, որ դպրոցն աւարտելէ յետոյ դերասանի մասնագիտութիւն ընտրած է: Լսելով անոր հիացական խօսքերը` յուզմունքէս եւ ուրախութենէս չկրցայ որեւէ բան ըսել: Նմանօրինակ պատմութիւնները շատ են:
– Արդեօք կրնանք Նորա Արմանի դերասանուհի՞ն, կնոջն ու հայուն ﬕաժամանակ ճանչնալ հենց իր խաղո՛վ: Բեﬕն վրայ ու բեմէն անդին որքանով կը մնաք նոյնը՞:
-Ամէն պարագայի` այն դերասաններէն եմ, որ երբ ներկայացումէն յետոյ վարագոյրը փակուի կամ տեսախցիկն անջատուի, ամէն ինչ կ՛աւարտէ, կը շարունակեմ ապրիլ առօրեայ իմ կեանքով: Ինչպէս ընդունուած է ըսել` կերպարի «տակ» չեմ ﬓար, բայց բեմին վրայ կը նոյնանամ կերպարին:
–Որն է ձեր բնաւորութեան աﬔնաուժեղ կողմը՞:
-Լաւատեսութիւնը բնաւորութեանս աﬔնաուժեղ կողﬓ է: Եթէ նոյնիսկ հետս վատ բան պատահի, ստեղծուած իրավիճակին մէջ ﬕշտ կը փորձեմ լուսաւոր կողմը տեսնել:
Այդ լաւատեսութեան հիﬓքին մէջ ինկած է հօրս` ինծի տուած խորհուրդը:
–Ձեր աշխատանքներուն մէջ, ի թիւս այլ հարցերու, վեր կը հանուի նաեւ կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրը: Պատմէք այդ մասի՛ն:
–«SR Socially Relevant» ամէնամեայ փառատօնի ստեղծման պատճառներէն մէկը դարձաւ Եգիպտոսի մէջ զարմուհիիս` Վանիա Էքսերջեանի եւ հօրեղբօրս` Յակոբ Էքսերջեանի վայրագ սպանութիւնը: Ցանկացայ կանանց իրաւունքները պաշտպանող քարոզչութիւն կատարել` վերջ տալով անոնց հանդէպ կատարուող բռնութիւններուն:
Յետագային փառատօնը ընկերային այլ թեմաներով ընդլայնեցի: Սակայն փառատօնի ծիրէն ներս զարմուհիիս անունով մրցանակ կը շնորհենք կին բեմադրողի կամ այն ֆիլﬕն, ուր կանանց իրաւունքներուն առնչուող հարցեր կ՛արծարծուին:
–Ինչպէս կը բնորոշէք հայ կինը՞:
-Հայ կանայք շատ ուժեղ են: Նկատած եմ, որ Հայաստանի մէջ կանայք տարբեր ոլորտներու մէջ բարձր դիրքեր կը գրաւեն, որ, կը կարծեմ, ողջունելի է: Հայ մայրերը ընտանիքի հիﬓաքարերն են: Անոնք խոնարհման ու ﬔծ գովասանքի արժանի են, յատկապէս բազմազաւակ մայրերը, որ ամէն ինչ կը հասցնեն ժամանակին կատարել` աշխատանքէն յետոյ կենցաղային գործերով զբաղիլ, երեխաներուն խնաﬔլ, տան մաքրութեամբ զբաղիլ եւ այլն:
–Աշխատանքային ծանրաբեռնուածութեան զուգընթաց կը հասցնէք խոհանոցային գործերը ընելու:
-Ի հարկէ, ժամանակ կը գտնեմ խոհանցի գործերուն եւ հաﬔղ ճաշատեսակներ պատրաստելու: Շատ կը սիրեմ հայկական կերակուրներ պատրաստել, յատկապէս` տոլմա:
–Երեւանը կը բնորոշեն որպէս կարﬕր տուֆի քաղաք: Ձեզի համար ինչ գոյն ունի Երեւանը՞:
-Նախ ըսեմ` շատ լաւ կ՛ըլլայ, որ պահպանուին Երեւանի դիմագիծը կազմող ﬓացած քանի մը հին շէնքերը, որոնք ﬔր հարստութիւնը կը համարուին: Ի հարկէ, հաճելի է տեսնել նաեւ կառուցուած նորաոճ շէնքերը, սրճարաններն ու ժամանցի միւս կեդրոնները:
Երեւանեան փողոցներով զբօսնելն իմ զբաղմունքներէս մէկն է: Կը սիրեմ յատկապէս Բաղրամեան, Աբովեան եւ Վազգէն Սարգսեան փողոցները:
Զրուցեց Գէորգ Չիչեան