ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 1 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հեռաձայնային զրոյցը։ Այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Քննարկուեցան երկկողմ օրակարգի այժմէական հարցեր, որոնց մէջ` յառաջիկայ բարձր մակարդակի հանդիպումները: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ ընդլայնել միջգերատեսչական կապերը, մինչեւ 2021ի աւարտը եւ Տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 20րդ նիստ ու միջտարածաշրջանային ֆորումի 8րդ հանդիպում կազմակերպել:
Առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն, առաջին հերթին` Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ առաջնորդներու 9 Նոյեմբեր 2020ի եւ 11 Յունուար 2021ի եռակողմ համաձայնութիւններու կատարմանը: Նախարարները համակարծիք էին, որ Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկի եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, վստահութեան ամրապնդման քայլերու խթանումը եւ դրացիներու միջեւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացումը պիտի նպաստեն տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի հետագայ կարգաւորման:
Ռուսական կողմը գոհունակութիւն յայտնեց Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 76րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ, ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջնորդութեամբ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման արդիւնքներուն գծով:
Նախարարները քննարկեցին փոխգործակցութիւնը՝ ընդհանուր համարկման միաւորումներու ծիրին մէջ, նաեւ նկատի ունենալով Հայաստանի նախագահութիւնը ՀԱՊԿի, ինչպէս նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ, որոնց կարգին՝ ՄԱԿի եւ ԵԱՀԿի։
Նախարար Միրզոյեան վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ամբողջական գործընթացը` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ներքոյ։