ՄՈՍԿՈՒԱ.- Քուէյթեան «Քոնա» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ըսաւ հետեւեալը. «Ռուսական օդուժին աջակցութեամբ, (Սուրիոյ) կառավարական ուժերուն արձանագրած շարք մը յաջող գործողութիւններէն ետք, Սուրիոյ մէջ կացութիւնը գետնի վրայ նկատառելի կերպով կայունացաւ եւ վերջ տրուեցաւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման «կիսապետութիւն» դառնալու ծրագիրին»՝ աւելցնելով. «Մեր թուրք գործընկերները կը յորդորենք՝ յարգելու 17 Սեպտեմբեր 2018-ին ստորագրուած Իտլիպի մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիի հաստատման շուրջ համաձայնութեամբ՝ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները»՝ շեշտելով զինադադարը իբրեւ ծածկոյթ օգտագործելով՝ ահաբեկչական ներկայութեան ամրապնդումը արգիլելու կարեւորութիւնը:
Լաւրով մտահոգիչ համարեց այն իրողութիւնը, որ հակառակ Անգարայի խոստումներուն, Իտլիպ նահանգին մէջ հսկայ տարածքներ կը շարունակեն մնալ «Քայիտա»ի գործակից «Նուսրա ճակատ»ի հակակշիռին տակ։
«Փաստաթուղթին՝ մասնաւորաբար ապազինեալ գօտի ստեղծելու եւ բոլոր արմատականներն ու ծանր զէնքերը հեռացնելու կէտերը մինչեւ հիմա ամբողջովին չեն գործադրուած», ըսաւ Լաւրով:
Միւս կողմէ, անդրադառնալով Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացքին՝ Լաւրով յայտնեց. «Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին լսեցինք Միջին Արեւելքի մէջ «դարաշրջանի գործարք» կոչուած ծրագիրի մը մասին, որ ենթադրաբար պիտի առաջնորդէր արաբներու ու Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան, եւ ատոր յայտարարութիւնը յետաձգուեցաւ մինչեւ իսրայէլեան նոր կառավարութեան կազմութիւնը: Սակայն, ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութեանց, խօսքը կրնայ Միջին Արեւելքի մէջ միջազգայնօրէն ճանչցուած լուծումի հիմքերուն կասկածելի փոփոխութիւններու մասին ըլլալ: Պաղեստինեան կողմին՝ այդ գործարքը ընդունիլը շատ կասկածելի է»: