Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատեց է 10 Հոկտեմբերին գոյացած զինադադարի եռակողմ համաձայնութեան գործադրութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ լիարժէք չի պահպանուիր մարդասիրական նպատակով զինադադարի համաձայնութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը շարունակուին ռազմական գործողութիւնները: