ՕՐՈՒԱՆ ԼՐԱԳԻՐ՝ 3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
« Քոմերսանթ» թերթին տուած հարցազրոյցին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կոչ ըրաւ կանխելու՝ Միջին Արեւելքէն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի վարձկաններու տեղափոխութիւնը: Լաւրով դիտել տուաւ, որ վարձկաններու թիւը 2000-ի կը մօտենայ: Ան նաեւ ընդգծեց, թէ հակամարտութեան միջնորդութեան համընդհանուր ճանչցուցած ձեւաչափը ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի համանախագահութիւնն է:
Սուրիոյ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան կեդրոնը հաղորդեց, թէ սուրիացի 230 վարձկան ուղարկուած է Ազրպէյճան՝ մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ շարունակուող պատերազմին:
Ռուսիոյ «PБK» հեռատեսիլի ընկերութեան տուած հարցազրոյցին, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման միակ ճանապարհը՝ բանակցային գործընթացն է: Մնացած ամէն քայլ կը տանի պատմական փակուղի:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու նախապայման դրաւ հայկական զօրքերու հեռացումը «բռնագրաւուած» տարածութիւններէն: Ան աւելցուց՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին կողմէ հակամարտութեան կարգաւորման երկարաձգումը Ազրպէյճանին ստիպած է «արդէն բաւական է» ըսել եւ յարձակումի անցնիլ…
Արցախի հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը յայտնեց, թէ լուսադէմին ազերի թշնամին ռուսական « smirch»երով եւ ինքնաթիռներով կրակ բացած է Մարտունիի եւ Շուշիի ուղղութեամբ:
Արցախի պաշտպանութեան բանակը սահմանագիծի արեւելեան շրջաններուն մէջ ոչնչացուց թշնամիի երկու հրասայլ եւ գրաւեց հետեւակներու փոխադրակառք մը:
«Արմենփրես»ի հաղորդմամբ՝ Ազրպէյճանի կորուստները այսօրուան դրութեամբ կը հաշուեն՝ 251 անօդաչու թռչող սարք, 16 ուղղաթիռ, 25 ինքնաթիռ, 685 զրահապատ եւ 6 TOC: Բանակային զոհերը կը հաշուեն՝ 7095:
Ցաւալի լուր մը՝ Արցախի հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան դիմատետրի իր էջին վրայ հրապարակեց Արցախի Ազգային ժողովի աշխատակազմի այն տղամարդ աշխատակիցներուն անունները, որոնք ամօթալի պահուածք դրսեւորելով լքած են Արցախը եւ աշխատանքային պարտականութիւնները, այդ պատճառով ալ՝ հեռացուած աշխատանքէն: Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարուիւնեան յայտնեց, թէ ենթականերուն թղթածրարը իրաւապահ մարմիններուն պիտի փոխանցուի: