Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արա Այվազեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Այս մասին երէկ յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 2 ապրիլին ԱՊՀ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ծիրին մէջ:
«ԱՊՀ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ծիրին մէջ այլ հաւանական հանդիպումներու շարքին կը նախատեսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի հանդիպումը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ», ըսած է ան: