Ֆրանքոֆոնեան Միջազգային Օրերու ծիրին մէջ, Լիբանանի Ֆրանսական Հաստատութեան մէջ, մշակութասէր հասարակութեան, օտար պետութիւններու դիւանագէտներու, դեսպաններու ներկայութեան, Ուրբաթ 1 Մարտի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, տեղի ունեցաւ Նիկոլ Պուլտուքեանի ցուցահանդէսին բացումը:
Նիքոլ Պուլտուքեան քսան եւ հինգ ապակեայ տուփերու մէջ ներկայացուցած է ֆրանսացի հանրածանօթ առակագիր Ժան Տը Լա Ֆոնթենէն քսան հինգ առակներ: Իւրաքանչիւր տուփ կը ներկայացնէ առակ մը:
Ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ 23 Մարտ: