Տոքթ.Արմենակ Եղիայեան
Լեզուական ծուղակի պատկառելի ու մնայուն աղբիւր է աշխարհաբար գրողին համար՝ գրաբարի չիմացութիւնը: Անշուշտ այս չի նշանակեր, որ ամէն աշխարհաբար գրող պայման է որ սահուն գրաբար գիտնայ ծուղակը չիյնալու համար. անիրագործելի երազ մըն է այդ: Մեր ակնարկութիւնը կը վերաբերի տարրական գրաբարի մը, նախագիտելիքներու պարզապէս, որորնք յաճախ կը հանդիպին յատկապէս գրական աշխարհաբարի մէջ եւ որոնք մօտիկ անցեալին կ’աւանդուէին հայկական դպրոցներու բարձրագոյն կարգերուն մէջ:
Քանի որ մեր արդի լեզուն հազար թելերով կապուած է գրաբարին:
* * *
***Հետագայ-յետագայ
Ամէն անգամ որ արդի հայը կը փափաքի ըսել ետեւէն եկող, յետոյ գալիք, հետեւելիք եւ նմանները, ան իսկոյն կը կառչի յետ արմատին, որ իրեն կը թելադրէ յետոյ մակբայը, որ վերը բերուած իմաստներուն խտացումն է ձեւով մը: Այսպիսիները «ժողովրդական ստուգաբանութիւն» կը կոչուին, քանի յատուկ են ռամիկին, որ սովորաբար հարցերուն մակերեսին վրայ կը մնայ՝ առանց խորանալու կամ անգիտանալով ճիշդը:
Ճիշդ է, որ յետ արմատը կրնայ յետոյ եկող-ի իմաստ արտայայտել, օրինակ՝ «յետ պսակադրութեան» կը նշանակէ պսակադրութենէն ետք, այնպէս ալ՝ յետ ժամանումի, յետ հաշտութեան եւ այլն: Ասոնց բոլորին մէջ, սակայն, յետ –ը հետեւողականօրէն դրուած է սեռական հոլով գոյականերու վրայ, որոնք իր խնդիրները կը կոչուին, եւ միայն այս պարագային է, որ ան յետոյ եկողի, յետոյ գալիքի իմաստ կ’արտայայտէ:
Յետ-ը, կը պահէ իր այդ իմաստը, երբ կը միանայ իր այդ խնդիրներուն եւ կը կազմէ միաձոյլ ածականներ. օրինակ՝ յետ պատերազմի-յետպատերազեան, յետ եղեռնի-յետեղեռնեան, յետ կէսօրի-յետկէսօրեայ, նաեւ՝ յետդասական, յետփորձառական եւ այլն, որոնց բոլորին մէջ յետ-ը ունի ժամանակային իմաստ:
Իսկ երբ նոյն յետ արմատը կը կցուի բայարմատի մը, ան կը կորսնցնէ ժամանակային իմաստը եւ կը ստանայ տեղական իմաստ. կը նշանակէ ետեւ. օրինակ՝
յետադաս –ետեւը դասուած, շարուած, դրուած
յետադարձ –ետեւ դարձած
յետամնաց –ետեւը մնացած
յետընթաց –ետեւ ընթացող
յետահայեաց –ետեւ հայող, նայող
յետադիմական –դէպի ետեւ դիմող
յետսապահ –ետեւի դիրքերը պահող
Իսկ եթէ այս արմատը դնենք գալ բային վրայ, այսինքն՝ յետագայ, ան պիտի նշանակէ «ետեւ եկող, ետեւ ընթացող, դէպի ետեւ ուղղուող», այլ խօսքով՝ ճի՛շդ հակառակը այն իմաստին, որ այս բառը որդեգրած հայկաբանները կը կարծեն գտնել անոր մէջ:
* *
*
Ինչո՞ւ այսպէս պատահած է, ինչո՞ւ արդի հայը խզուած է պատմականօրէն գոյութիւն ունեցող հետագայ ճիշդ ձեւէն եւ որդեգրած է անգոյ, անհեթեթ, անիմաստ «բառ» մը, որ ո՛չ Հին եւ ո՛չ ալ Նոր հայկազեանները ունին:
Որովհետեւ ան այլեւս չի ճանչնար հետ արմատին իմաստը կամ անոր բոլոր իմաստները, այլ կը ճանչնայ միայն անոր արտայայտած միասնութեան գաղափարը՝ հետը երթալ=միասին երթալ: Ժամանակը բթացուցած է մեր միտքը, եւ դադրած ենք ճիշդ մտածելէ:
Հետ-ը գրաբարի մէջ ունեցած է մէկէ աւելի իմաստներ՝ միասնութեան իմաստը վերը տեսանք: Ան մինչեւ իսկ նշանակած է ոտք, օրինակ՝ հետիոտն, հետեւակ՝ոտքով քալող, ոչ ձիաւոր: Որուն յոգնակին հետք՝ կը նշանակէ ոտքին ձգած նշանները:
Բայց ան կը նշանակէր նաեւ «ետեւէն», հոմանիշ ունենալով «զկնի» բառը. ուրեմն՝ «երթալ զհետ» կը նշանակէ ետեւէն երթալ. ուշադրութի՜՜՜ւն՝ ո՛չ ետեւ երթալ, որ բոլորովին ուրիշ բան է, այլ ետեւէն երթալ, այսինքն՝ հետեւիլ: Երբ պսկադիր քահանան կ’ըսէ «Այսուհետեւ…այր երթիցէ զհետ կնոջ իւրոյ»,– ըսել չ’ուզեր, թէ «այրը կնոջ հետ պիտի երթայ»,– ինչպէս կը կարծեն շատեր, եւ ինչպէս անգամ մը հարցուցած եմ քահանայի մըն ալ եւ ճիշդ այսպէս ալ պատասխանած է. «Այրը կնոջ հետ պիտի երթայ»: Ի՜նչ փայլուն մեկնաբանութիւն…Օ՜, խնդրեմ, ես ալ կը կարծէի, թէ ան կինը եկեղեցին պիտի ձգէ ու առանձին երթայ:
Այլ կը նշանակէ՝ «Այրը կնոջ ետեւէն պիտի երթայ»: Այլ խօսքով՝ ան պիտի բաժնուի ծնողներէն եւ հետեւի կնոջը: Գործին կու գա՞յ, թէ՞ չի գար,– իր ու ձեր գիտնալիքն է:
Կը բերեմ այս իմաստը հաստատող բնագրային օրինակներ:
ա) Յակոբի 10 զաւակները խաշնարած էին եւ գրեթէ տարին 12 ամիս դուրսերը՝ բացօթեայ կ’անցընէին իրենց ժամանակը, հօտն ու նախիրը կ’արածէին: Անգամ մը անոնց բացակայութիւնը շատ երկար տեւեց, եւ Յակոբ մտահոգուեցաւ. ուստի, լուր մը ունենալու համար, ըսաւ Յովսէփ Գեղեցիկին,– որ հօրը քով կը մնար,– որ երթայ տեղեկութիւն մը բերէ. «Եւ գնաց Յովսէփ զհետ եղբարց[1] իւրոց, եւ եգիտ զնոսա ի Դովթայիմ[2]» (Ծն., ԼԷ/17):
բ) Նոյեմիի երկու զաւակները մեռան, եւ անոնց այրիները՝ Որփան եւ Հռութը, մնացին իրենց կեսուրին քով: Ժամանակ մը անց՝ Որփան հեռացաւ ու գնաց իր հօրը տունը՝ վերամուսնանալու բախտ ունենալու համար, մինչ Հռութ, որ շատ դեռատի էր տակաւին, կը մնար Նոյեմիին հետ: Ի վերջոյ Նոյեմի գթաց Հռութին վրայ, քանի կը փափաքէր, որ ան ազատ զգայ ամէն կապանքէ եւ վերամուսնանալու առիթ ունենար. ուստի, օր մըն ալ ըսաւ անոր. «Ահա նէր քո դարձաւ ի ժողովուրդ իւր[3]…դարձի՛ր եւ դու զհետ նիրին[4] քոյ» (Հռութ, Ա/15):
Ուրեմն հետ-ին ա՛յս իմաստին վրայ կը յենի հետագայ, որ կը նշանակէ հետեւող, ետեւէն եկող, եւ ինչ որ ետեւէն կու գայ, կը հետեւի, ինքնաբերաբար յետոյ եկած կ’ըլլայ, ուստի հետագայ-ին մէջ «յետոյ գալու» կամ «յետոյ եկողի» իմաստը կա՛յ արդէն:
Եւ նոր ու սխալ բառ մը՝ յետագայ-ն, հնարելու եւ լեզուն աւելորդ ու մանաւանդ սխա՛լ միաւորով մը խճողելու բնա՜ւ կարիքը չկայ:
Կը մնայ, որ յետագայապաշտները այլեւս զգաստանան քիչ մը եւ դարձի գան, չչարաշահեն իրենց ազատութիւնը, եւ եթէ ուրիշ վկայութեան պէտք ունին,– ա՛ն ալ հայթայթենք: Որովհետեւ լեզուական միութիւնը համազգային արժէք մըն է, որուն կառոյցին ամէն գրող պարտի աւելցնըել ի՛ր քարը:
[1] Որ է՝ եղբայրներուն ետեւէն:
[2] Եւ Յովսէփ գնաց եղբայրներուն ետեւէն եւ գտաւ զանոնք Դովթայիմի մէջ:
[3] Իւրայիններուն, իր հարազատներուն
[4] Այսինքն՝ «Գնա՛ նէրոջդ ետեւէն,– որ վաղուց հեռացած էր,– հետեւի՛ր անոր, անոր պէս ըրէ՛: