ԱՆԻ ԵՍԱՅԵԱՆ ՏԷՐ ԱՐԹԻՆԵԱՆ
Հին Յունաստանի հարուստ գործիչ Քսանթոսը, կարևոր հիւրեր ունէր ճաշի, հետեւաբար իր ստրուկին՝ Եզովբոսին կը ղրկէ շուկայ ըսելով.
-Գնա՛ ու հիւրերուս համար աշխարհի ամենալաւ բանը բեր։
Ճաշի ժամանակ, Եզովբոսը իւրաքանչիւր հիւրի պնակին մէջ լեզու մը կը դնէ։
-Այս ի՞նչ է, զայրացած կը գոչէ Քսանթոսը։
-Լեզու է տէր իմ,կը պատասխանէ Եզովբոսը։
-Միթէ սա՞ է աշխարհի ամենալաւ բանը։
-Ի հարկէ տէր իմ, կա՞յ աշխարհի վրայ լեզուէն աւելի լաւ բան։
Լեզուով է, որ կ’ըսենք բոլոր իմաստութիւնները, լեզուով կ’երգենք ամենագեղեցիկ երգերը ու լեզուով կ’արտայայտենք մեր սէրը։
-Շատ լաւ, իսկ հիմա գնա եւ մեզի բեր աշխարհի ամենավատ բանը, կը հրամայէ Քսանթոսը։
Քիչ անց Եզովբոսը կու գայ ու կրկին մէկական լեզու կը դնէ հիւրերուն դիմաց։
Քսանթոսը չի գիտեր, թէ ինչ ըսէ զայրոյթէն …
-Մի զայրանար տէր իմ, կ’ըսէ Եզովբոսը, ըրածս անհնազանդութիւն չէ…
Միթէ լեզուէն վատ բան կա՞յ աշխարհի վրայ։ Լեզուով է որ կը կործանուին պետութիւնները, լեզուով է որ կ’ըսուին բոլոր սուտերը, վիրաւորանքներն ու հայհոյանքները…
Լեզուն աշխարհի ամենալաւ ու ամենավատ բանն է, նայած թէ որո՞ւ բերնին մէջ է և ի՞նչպէս կը գործէ…