Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԼԵՌՆԱԳՆԱՑ ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

November 15, 2018
in Newsletter, Գաղութահայ Կեանք
0
ԼԵՌՆԱԳՆԱՑ ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

Հայ անուանի լեռնագնաց եւ վազորդ Արա Խաչատուրեան Նոյեմբեր 13-ին այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ ծանօթացաւ վարժարանի գործունէութեան եւ տարբեր բաժանմունքներու:

Այս առիթով, պարոն Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Մեսրոպեանի աշակերտութեան հետ եւ անոնց խօսեցաւ որպէս լեռնագնաց իր փորձարութիւններուն եւ իրագործած նուաճումներուն մասին: Պատասխանելով աշակերտներու բազմաթիւ հարցումներուն, ան բացատրեց իր մարզական այս իւրայատուկ հետաքրքութիւններուն տուն տուող պատճառները, որպէս լեռնագնաց եւ վազորդ իր հետապնդած նպատակները եւ այդ ճամբուն վրայ իր դիմագրաւած ու յաղթահարած արգելքները:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ յայտնեց իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը վարժարանի յարկին տակ հիւրընկալելու մարդ մը, որ աշակերտներուն համար կրնայ ընկալուիլ որպէս աշխատասիրութեան, կամքի, նպատակասլացութեան եւ հայրենասիրութեան օրինակ: Տնօրէնը վարժարանին անունով յատուկ վահանակ մը շնորհեց հիւրին` հետեւալ վերտառութեամբ . “Հայ Դատի Անխոնջ ՆուիրեալԼեռնագնաց ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ`Լուսնին Հասնելու Երազանքի Իրականացման Մաղթանքով”: Արա Խաչատուրեան, որ նուաճած է աշխարհի բարձրագոյն գագաթները` Էվերեսթն ու Արարատը ներառեալ, իսկապէս ունի երազանքը հասնելու լուսին եւ այնտեղ բարձրացնելու հայկական Եռագոյնը: Ան այս տարուայ ամրան վազքով Մարսէյէն հասաւ Երեւան, 107 օրուան ընթացքին կտրելով 4450 քլմ. տարածութիւն` յանուն համաշխարհային խաղաղութեան:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

Previous Post

Russia and Singapore ink $1bn worth of investment deals at ASEAN Summit

Next Post

ՀՀԿն Մարտական Տրամադրութեամբ Կը Պատրաստուի Ընտրութիւններուն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.