Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ նախագահները համաձայնած են վերսկսիլ Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ կացութեան կայուն լուծման հասնելու ջանքերը: Մօտիկ ապագային այս ուղղութեամբ շօշափելի նախաձեռնութիւններու պիտի ձեռնարկուին: «Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան այս մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ` անդրադառնալով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հեռաձայնային հաղորդակցութեան:
«Հանրապետութեան նախագահը երկուշաբթի` 26 ապրիլին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Կովկասի մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ նախագահ Մաքրոն ընդգծած է գերիներու, մարդասիրական աջակցութեան եւ ժառանգութեան պահպանման հարցերուն մէջ որոշակի յառաջընթաց արձանագրելու անհրաժեշտութիւնը: Երկու նախագահները համաձայնած են վերսկսիլ Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ` կացութեան կայուն լուծման հասնելու ջանքերը: Մօտիկ ապագային այս ուղղութեամբ որոշակի նախաձեռնութիւններու պիտի ձեռնարկուին», նշած է Լաքոթ:
Դեսպանը ընդգծած է, որ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններու վերսկսումը համանախագահներու գերակայ խնդիրն է, ինչպէս այդ մասին նշուած է անոնց 13 ապրիլի յայտարարութեան մէջ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները ի՞նչ քայլերու կը ձեռնարկեն, որպէսզի Ազրպէյճանը ի վերջոյ վերադարձնէ Պաքուի մէջ պահուող հայ պատերազմական գերիները` դադրեցնելով մարդու իրաւունքներու խախտումները, Ճոնաթան Լաքոթ նշած է, որ համանախագահներու վերջին յայտարարութեան մէջ կոչ կ՛ուղղուէր վերադարձնելու բոլոր պատերազմական գերիները:
«13 ապրիլի իրենց յայտարարութեան մէջ համանախագահները կոչ ուղղած են միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համաձայն ազատելու բոլոր պատերազմական գերիները եւ պահուող անձերը: 24 ապրիլին պետական քարտուղար Ժան-Պաթիսթ Լըմուանը Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ ընդունեց գերիներու ընտանիքները», յայտնած է դեսպանը:
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ նաեւ անդրադարձած է Պաքուի մէջ բացուած, այսպէս կոչուած «Յաղթանակի պուրակին», ուր ներկայացուած են պատերազմի ընթացքին իբրեւ պատերազմական աւար վերցուած հայկական սպառազինութիւնը եւ հայ զինուորներու տեսքով մոմէ բնորդներ` յիշեցնելով իր այն յայտարարութիւնը, որ պատերազմը ներկայացում բեմադրելու առարկայ չէ, եւ այժմ առաջնահերթութիւնը տագնապին լուծումը գտնելն է: