Ղարաբաղեան հարցի լուծման բանակցային հոլովոյթի երեք հիմնարար սկզբունքները կը մնան արդիական ու կիրարկելի: «Այսօր» կայքը կը հաղորդէ, որ պետական պատկերասփիւռի կայանէն այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի` անդրադառնալով տագնապի լուծման այսօրուան կարելիութիւններուն:
«Կը կարծեմ` հիմնական սկզբունքներէն մէկ քանին, որոնք նախապէս կային, կը մնան շատ արդիական եւ կիրարկելի: Տարածքային ամբողջականութիւնը հիմնական սկզբունքներէն մէկն էր, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքը, ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման սկզբունքը», ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը:
Դեսպանին համաձայն, դժուարութիւնները, տարակարծութիւններն ու լարուածութիւնը յաղթահարելու համար այս սկզբունքները այսօր ալ կրնան բանակցութիւններու համար ուղղորդող ըլլալ:
«Երբ մենք կը շարունակենք վերագնահատել տեղւոյն կացութեան առանձնայատկութիւնները, այս սկզբունքները շատ առումներով բանակցութիւններու համար կը մնան ուղղորդող, կողմնորոշիչ սկզբունքներ, որովհետեւ իբրեւ համանախագահող` մենք կը ձգտինք տեւական, մնայուն խաղաղութեան, իսկ ատոր համար իրականութեան մէջ անհրաժեշտ է համապարփակ բանակցութիւններ վարել, անհրաժեշտ է, որպէսզի կողմերը պատրաստ ըլլան խօսելու իրարու հետ` անկեղծ, շիտակ եւ պատրաստ ըլլան փոխզիջումներ կատարելու», ըսած է դեսպանը:
Լին Թրէյսին աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը հաւատայ, որ Արցախի տագնապը տակաւին պէտք է լուծուի, իսկ Արցախի կարգավիճակի հարցին մէջ յստակութիւն ըլլայ:
«2020 թուականի նոյեմբերին կնքուեցաւ զինադադար, ուստի, ինչպէս արդէն ըսած եմ, Միացեալ Նահանգներու յայտարարուած քաղաքականութիւնը այս է այս հարցին վերաբերեալ: Եւ շատ կարեւոր է, որ մենք կարենանք հասկնալ իւրաքանչիւր կողմի շահը, հետաքրքրութիւնը: Շահերէն մէկը տարածքային ամբողջականութիւնն է, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշումը նոյնպէս հիմնական սկզբունքներէն մէկը եղած է եւ կը մնայ, որ չի կրնար արհամարհուիլ», ըսած է ան: