Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Զինուորական Լուծում Չի Կրնար Ունենալ» Ըսաւ Լաքոթ

December 13, 2017
in Newsletter, Զանազանք
0
Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Զինուորական Լուծում Չի Կրնար Ունենալ» Ըսաւ Լաքոթ

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը երբեք սառեցուած չէ, անիկա իսկական տագնապ է, որ ազդեցութիւն ունի հայ հասարակութեան, կառավարութեան եւ պետութեան վրայ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, իր տեսակէտը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ:

«Այն երկու ամիսներուն, որ ես Հայաստանի մէջ եմ, շփման գիծին վրայ եղած են զինուորներու մահուան դէպքեր: Ասիկա տագնապ մըն է, որ մեզ կը մտահոգէ, եւ կ՛երեւի, որ ատիկա է պատճառը, որ Ֆրանսան վճռականօրէն լծուած է այն աշխատանքին, որ պիտի տանի լուծման` հիմք ընդունելով ուժ չկիրարկելու սկզբունքը, որովհետեւ այս տագնապը զինուորական լուծում չի կրնար ունենալ, միւս կողմէ` տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքները, որոնք բանակցային բուն հոլովոյթի առանցքներն են: Ֆրանսա իր վճռականութիւնը յայտնած է` լիակատար կերպով իրականացնելու այն յանձնառութիւնները, զորս ստանձնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ», ըսաւ Ֆրանսայի դեսպանը»:

Ըստ անոր, ասիկա տագնապի լուծման հիմնաքարն է, որ Ֆրանսայի մէջ ղեկավարութեան բարձրագոյն մակարդակով կը փնտռեն, սակայն բանակցուած եւ տեւական լուծում գտնելու որոշումը կը պատկանի երկու կողմերուն:

Դեսպանը նաեւ յայտնեց, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրի ստորագրութիւնը պատմական իրադարձութիւն է: «Պէտք է յստակօրէն գիտակցիլ, որ այդ համաձայնագիրը իր ձեւով եզակի փաստաթուղթ է, որովհետեւ այսօրուան դրութեամբ անիկա միակ համաձայնագիրն է, որ ստորագրուած է ԵԱՀԿ-ի անդամի մը կողմէ, որ կրնայ ունենալ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ Եւրոպական Միութեան հետ», նշեց Լաքոթ` ընդգծելով, որ համաձայնագիրը նորանոր հեռանկարներ կը բանայ Հայաստանի առջեւ եւ կու տայ շարք մը առաւելութիւններ:

Անոր համաձայն, փոփոխութիւնները մէկ անգամէն չէ, որ պէտք է զգացուին, սակայն համաձայնագիրը երաշխիք է առ այն, որ Հայաստանի մէջ գործադրուող բարեփոխումները կը համապատասխանեն եւրոպական չափանիշներուն:

«Բնականաբար, ասիկա Հայաստանի համար շատ մեծ պատասխանատուութիւն է, որովհետեւ համաձայնագիրին ստորագրումով այդ բարեփոխումները կարելիութիւն կու տան մօտենալու եւրոպական չափանիշներուն, պետութիւնը կը մղեն ձեռնարկելու բարեփոխումներ: Իսկ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւնները քաջ կը գիտակցին այդ բարեփոխումներուն կարեւորութիւնը, որ Հայաստանը ստանձնած է», ըսած է ան:

Լաքոթ ընդգծեց, որ Հայաստանը իր բազմաշառաւիղ քաղաքականութեան շնորհիւ կրնայ շատ կարեւոր օղակ հանդիսանալ շրջանին մէջ: Անոր համաձայն, Հայաստանի մէջ հաստատուած ֆրանսական ընկերութիւններուն համար չափազանց կարեւոր է Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայի հասանելիութիւնը:

«Եւ այս առումով Հայաստան կը ստանձնէ կապող օղակի, կամուրջի դեր», նշեց Ժոնաթան Լաքոթ եւ աւելցուց, որ ներդրողին համար կարեւոր են նաեւ իրանեան շուկայի հաւանական կարելիութիւնները»:

Previous Post

Ազգային Պատուիրակութեան Գործունէութիւնը 1915-1916 (Վաւերագրեր)

Next Post

UK Gas Prices Rise Most In 8 Years On Explosion, Outages

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.