Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ ջանքերը կը պահանջեն լաւատեսական մօտեցում: Այս մասին յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Լամպերթօ Զանիերը` «Թուիթըր»-ի վրայ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ պատասխանելով ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հարցումին:
«Այս հարցումին աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ, որ պատասխանեն ԵԱՀԿ-ի մէջ Իտալիոյ նախագահութիւնն ու Մինսքի խմբակը, սակայն կարծիքովս` նոյնիսկ ամէնէն ձգձգուած տագնապներուն, ներառեալ` ղարաբաղեան տագնապը, լուծման ուղղութեամբ ջանքերը կը պահանջեն լաւատեսական մօտեցում եւ յամառութիւն», նշած է ան: