Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Լեռ Կամսարի «Մարդը` Գործին Մէջէն». «Աքսորականի Գաղտնի Օրագիր»

June 22, 2021
in Mobile Home, Յօդուածներ
0
Լեռ Կամսարի «Մարդը` Գործին Մէջէն». «Աքսորականի Գաղտնի Օրագիր»

Տարեշրջանի սկիզբին հայ գրականութեան եւ հրատարակչութեան պատմութեան համար նշանակալի իրադարձութիւն հանդիսացաւ պոլսահայ ԱՐԱՍ հրատարակչատան նախաձեռնութիւնը` լոյս ընծայումը ճոխ «Հատընտիր»-ի մը, բազմավաստակ եւ բազմաչարչար երգիծաբան Լեռ Կամսարի գործերէն, գրեթէ հինգ հարիւր էջերով, եւ որ կը ձգտի ամբողջական պատկեր մը տալու մարդէն եւ գործէն:

Արդէն, հատորի խմբագիր Յարութիւն Քիւրքճեան, առաջնորդուած` Լեռ Կամսարի անհատականութեան եւ վաստակի խոր առնչութիւններու փաստէն, հրատարակութիւնը  խորագրած է «Մարդը` գործին մէջէն» բնորոշումով:

Հատորին ենթախորագիրը` «Աքսորականի գաղտնի օրագիր», կը յղուի իր էջերու մեծ մասը գրաւող Լեռ Կամսարի «Օրագիր»-ին, գրուած` 1935-էն մինչեւ 60-ականներու սկիզբը, ուրեմն մեծ մասամբ` երգիծաբանի աքսորական տարիներուն, յատկապէս «ներքին աքսոր»-ի` լեռնային ծայրագաւառի մը պայմաններուն մէջ, անշուշտ` լրիւ գաղտնի եւ յայտնաբերման վտանգի տակ…

Հատորը իր բոլոր մասերով բաղկացած է երգիծաբանի թոռնուհի եւ ձեռագիրներու աւանդապահ ու հրատարակիչ Վանուհի Թովմասեանի կողմէ վերջին քսանամեակին հրատարակուած հատորներէ, չհաշուած` փոքրաթիւ անտիպ էջեր, որոնք ուրեմն կը հրատարակուին առաջին անգամ ըլլալով: Բայց նկատի առած Երեւան հրատարակուած հատորներու տպաքանակը եւ արտասահման բաշխումի դժուարութիւնները, անոնց փաստօրէն ամբողջութիւնն է, որ առաջին անգամ կը հրամցուի ընթերցողին:

Հատորը կը բացուի Վանուհի Թովմասեանի ներածականով: Ապա ժամանակագրական կարգով կը տրուին ընտրովի հատուածներ օրագիրէն` մէջէմէջ ճոխացուած այլ փաստաթուղթերով, միշտ հարուստ` Լեռ Կամսարի վառ, անկրկնելի երգիծանքով, ինչպէս եւ նմուշներով` իր գրական գործերէն, յատկապէս թատերական:

Ստորեւ` հատորի նախաբանը, խմբագիրին կողմէ, որ ամփոփ գիծերով կը բնորոշէ հատորին առաջադրանքները եւ բնոյթը:

Այս Հատորը

Ներկայ ժողովածուն, քաղուած հայրենի երգիծաբան Լեռ Կամսարի վաստակէն, անշուշտ սկզբնապէս կը կազմէ «հատընտիր» մը(1), այսինքն էջերու ամբողջութիւն` վերցուած վաստակէ մը, որոշ արժեչափերու հիմամբ եւ որոշ ծրագրով, սահմանուած` ճաշակ մը հրամցնելու տուեալ հեղինակէն:

Լեռ Կամսարի` Արամ Թովմաղեանի կամ Թովմասեանի պարագային, սակայն, հատընտիր հատորի մը կայացումը շատ շուտով մեզ կը հեռացնէ այս տարրական, ձեւով մը «նուազական» պատկերացումէն…

Գրագէտին կեանքի պայմանները, ապա վաստակի ստեղծման, պահպանման եւ աւելի ուշ` հրատարակման պայմանները այնպիսի են եղած, որ մերինին նման նախաձեռնութիւն մը կը մղեն, նոյնիսկ կը հարկադրե՛ն ուրիշ դերակատարութեան, աւելի լուրջ դերակատարութեան մը, մեր համոզումով` էական:

Ասիկա, նախ, որովհետեւ բոլորովին ա՛յլ է եղած Լեռ Կամսարի ճակատագիրը` իբր մարդ ե՛ւ իբր գրագէտ(2): Դաժան ճակատագիրը անխառն վաւերականութեամբ մարդու մը, որ իր ծննդավայր Վանի մէջ հասակ առած, երիտասարդ` գոյամարտի ու գաղթականութեան կրակներէն անցած, շատ շուտ ճանչցած է խորհրդային բռնաշապիկի ճնշումը իր գործին, ապա եւ` գոյութեա՛ն իսկ վրայ, որ հեռաւոր հիւսիսի տաժանակիր աքսորէ ետք ճանչցած է նաեւ երկարատեւ ներքին աքսոր` Հայաստանի կորսուած մէկ անկիւնը. որ տեսած է, հրատարակուած իր գործերու հաւատաքննական հրկիզումէն ետք, ամբողջական արգելումը նորերու հրատարակման: Եւ որ վճիռէն ետք ալ շարունակած է գրել գաղտագողի, ձեռագիրները, զանոնք փրկելու համար, թաղած` մառաններու հողէ յատակին ներքեւ, կճուճներու մէջ: Իր իսկ բառերով` «հոգիի տաժանակրութիւն», ցմահ…

Իր օրին ճանչցուած քանի մը «ականազերծուած», նենգօրէն գրաքննուած հրատարակութիւններով միայն, երգիծաբանը խորհրդային կայսրութեան իր նախատեսած ու սպասած փլուզումէն ետք է, որ պիտի սկսէր վայելել վաստակի իսկական բացայայտում` շնորհիւ հարազատներու կողմէ ձեռագիրներու խնամքով պահպանումին ու թոռնուհիին` Վանուհի Թովմասեանի ջանքերով իրագործուած հրատարակման, յաջորդական հատորներով: Նոյն ատեն, մամուլի թէ գրապատմական-գրադատական ոլորտի մէջ, պիտի երեւէին աշխատանքներ` նուիրուած վաստակին(3):

Այսպէս, ուրեմն, յապաղած հրատարակում-ճանաչումը, այդ ճանաչումին ձեւով մը կիսկատար հանգամանքը` ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ սփիւռքի տարածքին, կը կազմեն առաջին ազդակը այսպիսի հատընտիր ժողովածու մը ընթացիկէն տարբեր պարտքով բեռնաւորելու:

Բայց կայ եւ աւելի՛ն: Վերջին երկու տասնամեակներուն լոյս ընծայուած հատորները(4), տասնեակը անցնող, հայրենի թէ սփիւռքաբնակ ընթերցողը կը դնեն քանի մը հազարեակ էջերու պատկառելի գումարի մը առջեւ: Մարտիրոս գրագէտին նոյնքան մարտիրոսացած ձեռագիրներու ամբողջական հրատարակումը, մտաւորական թէ բարոյական հրամայականներէ բխող, անվիճելի անհրաժեշտութիւն էր ու կը մնայ, նոյնիսկ եթէ, պարագաներու դժբախտ դասաւորումով, հեղինակը չէ ունեցած առիթը վերընթերցելու, վերաձեւաւորելու զանոնք, ի հարկին` զեղչումներ ընելու:

Ահա ատոր համար այս «Հատընտիր»-ը, լայն բանալով կարկինը, կատարած է ճոխ քաղուածքներ կիսով արխիւատիպ այդ հրատարակութիւններէն, գրական թէ մարդկային արժեչափերով ջանացած է ընտրել` ժամանակագրականօրէն դասաւորելով, եւ անշուշտ` դասական ուղղագրութեան փոխադրելով(5) այդ բոլորը, ձգտելով զուգահեռաբար, իր ձեւով` խտացման ու բիւրեղացման ճամբով, վերականգնել Լեռ Կամսարի մէկ կենդանագիրը` մարդկային ու գրական կարելի ամբողջականութեամբ, իր իսկական տարողութեամբ, իրեն խորապէս հոգեհարազատ մի՛ւս մեծին` Յակոբ Պարոնեանի մը կողքին, անոր հաւասար` ճակատագրով, ինչպէս` մարդկային վաւերականութեամբ եւ գրական արժէքով:

Ներկայ հատորը, բացի անկէ` որ իր գոյութիւնը կը պարտի վերջին քսանամեակի այն մեծ իրագործումին, որ երգիծաբանի գործին` Վանուհի Թովմաuեանի կողմէ փրկումն ու տասնեակէ աւելի հատորներով լոյս ընծայումն է, նաեւ ուղղակի՛ երախտապարտ է հաւատաւոր ժառանգորդին, որ ամէն կերպ քաջալերեց մեզ` գործակցելով եւ գործնապէս դիւրացնելով մեր աշխատանքները:

1.- Գործածած ենք արեւմտահայերէնի մէջ նուիրագործուած այս «հատընտիր» եզրոյթը` արեւելահայերէնի օգտագործած «ընտրանի»-ի փոխարէն, հասկնալի պատճառով:

2.- Անձ եւ վաստակ, Լեռ Կամսարի պարագային, շատ աւելի սերտօրէն առնչուած են իրարու, մինչեւ նոյնացում, քան ինչ որ կրնայ դիտուիլ նոյնիսկ ամէնէն աւելի «անձնական» գրագէտներու մօտ: Այս հաստատումին համար պիտի բաւէ նկատել, որ վաստակի հիմնական մասը օրագիրն է` ե՛ւ  առօրեայ դիտարկումներու, մտորումներու բազմահուն հանդէս, ե՛ւ երգիծանքի շնորհի հիանալի արձակարան… Այս հիմնական իրողութենէն թելադրուած է նաեւ ներկայ հատընտիրի խորագիրը` «Լեռ Կամսար. Մարդը գործին մէջէն»:

Հատորը փակող «Յաւելուած» բաժինին մէջ, «Լեռ Կամսար. Մարդը գործին մէջէն» մենագրութիւնը նոյնպէս այս միաձուլումէն է, որ կը մեկնի` երգիծաբանին մօտ փոխադարձ լուսաւորումի ենթարկելու համար կեանք ու վաստակ:

3.- Առաջին լուրջ անդրադարձներէն կ՛արժէ յիշատակել «Ոզնի» երգիծաթերթին` Լեռ Կամսարի նուիրուած բացառիկ համարը (նոյեմբեր, 1988), ապա, 1994-ին, Պէյրութի «Շիրակ» տպարան-հրատարակչատան լոյս ընծայած «Լեռ Կամսար. տպուած եւ անտիպ էջեր» ժողովածուն:

4.- Հրատարակութիւններու ամբողջական ցանկի մը համար, տեսնել «Մատենագիտութիւն», «Յաւելուած»:

5.- Հրամայական մը ինքնին` դասական  ուղղագրութեամբ վերահրատարակումը Լեռ Կամսարի վաստակին, գոնէ` անոր մէկ մասին…

Բուռն ընդդիմադիր. աբեղեանական գրելաձեւին` երգիծաբանը իր օրագիրին մէջ քանի մը առիթներով յայտարարած է իր մերժումը «դեկրետային» այդ չարափոխումին (որ, այլ հարց, առաջին քայլ մըն էր դէպի հայ գիրի… լատինացումը):

Կայ եւ աւելիի փաստը` վերջերս յայտնաբերուած: Օրագիրի այդ նշումներէն դուրս, «Խորհրդային Հայաստան»-ի մէջ սահեցուած` Լեռ Կամսարի մէկ գրութիւնը, անստորագիր, սակայն` կատարելապէս ճանաչելի, կը կազմէ նոր գրելաձեւին դէմ հեգնանքի ու պարսաւանքի հիանալի էջ մը (տեսնել հատորի աւարտին` «Յաւելուած», «Անհեղինակ գործ մը եւ Լեռ Կամսարի կնիքը»): Գրութիւնը օրին հրատարակուած է «Բազմավէպ»-ի փետրուար 1925-ի թիւին մէջ, որ զայն արտատպած է խորհրդային օրաթերթին մէկ չճշդուած համարէն (որ ցարդ կարելի չեղաւ գտնել թերթի արխիւին մէջ):

Կ՛արժէ աւելցնել, պարզ` առ ի տեղեկութիւն, որ երգիծաբանը մինչեւ յիսունական թուականները կը շարունակէր գրել արեւմտահայերէն լեզուաճիւղով: Ստալինի մահէն ետք զինք ժլատօրէն հրատարակել սկսելու համար (թէեւ` կցկտուր ու միշտ գրաքննուած), իրեն պարտադրուեր է պայմանը գրելու բացառապէս արեւելահայերէն… Լեզուն` իբրեւ քաղաքական ճնշումի գործիք մը` իր կարգին…

 

Previous Post

Do you have dandruff or a dry scalp? 

Next Post

Study shows brain differences in interpreting physical signals in mental health disorders

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.