Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտուհի Լէա Չավտարեան մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու «YES» (Youth Exchange and Study) ծրագիրի քննութիւններուն եւ արձանագրեց պատուաբեր յաջողութիւն: Ուստի, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հովանաւորութեամբ, Չավտարեան 2014-2015 տարեշրջանին իր ուսումը պիտի շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը «YES» ծրագիրը որդեգրած է 2002 թուականին, որուն նպատակն է ծանօթացնել Միացեալ Նահանգներու ընկերութիւնն ու արժէքները, ինչպէս նաեւ ստեղծել մշակոյթներու միջեւ յարաբերութիւններ:
Չավտարեան միամեայ կրթական ծրագիրին կողքին, պիտի հետեւի ղեկավարման ծրագիրներուն եւ բազմաթիւ երկիրներէ համախմբուած աշակերտներուն պիտի ծանօթացնէ Լիբանանի եւ Հայաստանի արժէքները:
Լէա Չավտարեան Մեսրոպեան վարժարանի 6-րդ աշակերտն է, որ կը յաջողի Միացեալ Նահանգներու «YES»-ի քննութիւններուն, հակառակ անոր, որ վարժարանի կրթական թեքումը ֆրանսական է:
Այս առիթով, մեր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք Չավտարեանի ընտանիքին եւ ուսուցիչներուն, եւ կը մաղթենք, որ ան յաջողութեամբ կը հետեւի ծրագիրներուն ու բարձր կը պահէ վարժարանին, Լիբանանին եւ հայութեան անունը:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ