Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տըրիան, որ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան կը գտնուի, երէկ աւարտեց իր այցելութիւնը:
Մեկնումի պահուն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Լը Տըրիան շեշտեց, որ Լիբանան դժուար իրավիճակի մէջ է: «Մենք պատրաստ ենք օժանդակելու, սակայն պատասխանատուները պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնը», հաստատեց ան:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտարարած չէզոքութեան կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Լը Տըրիան հաստատեց, որ ան կը խօսի դրական չէզոքութեան մասին` կոչ ուղղելով բոլորին իրենք զիրենք շրջանային տագնապներէն զերծ կացուցելու:
Լը Տըրիան այցելեց Մըշրեֆ, ուր ան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ գործող ֆրանսական դպրոցներուն պատասխանատուներուն հետ:
Այս առիթով Լը Տըրիան շեշտեց, որ Ֆրանսա լիբանանցի երիտասարդները առանձին պիտի չձգէ` այս տագնապին դիմաց:
Ան աւելցուց, որ մօտիկ ապագային Լիբանանի մէջ գործող ֆրանսական դպրոցներուն 15 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրուի:
Լը Տըրիան այցելեց նաեւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատի հետ, ինչպէս նաեւ ստուգեց հիւանդանոցին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու տրամադրուած յատուկ բաժանմունքը:
Լը Տըրիան հաստատեց, որ Ֆրանսա մնայուն կերպով կը զօրակցի լիբանանցիներուն: