Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Լիբանանահայկական էութեամբ արտայայտուող արժեչափերը

April 1, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Շահան Գանտահարյանի բանաձևն Արցախի մասին․ «Ինքնորոշման իրավունքի իրացում հանուն փրկության»

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Լիբանանը թեւակոխեց ընտրական փուլ: 15 մայիսի ժամադրութեան կը նախապատրաստուին համայնքները, քաղաքական հոսանքները, կուսակցութիւնները, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններն ու քաղաքացիական շարժումները: Այլ խօսքով` բոլորը:

Ընտրական օրէնքը համայնքներու իրողական ներկայացուածութիւնը խորհրդարան հասցնելու առումով արդար չէ: Համեմատականութիւնն ու վարկանշայնութիւնը (թաֆտիլի) համախառն ձեւով ո՛չ միայն ընտրութիւններու կանխատեսելիութիւնը վարագուրած են, այլ նաեւ խախտած ու հարուածած ընտրութիւններու ժողովրդավար էութիւնը: Օրէնքը չի բացառեր, ինչպէս վերջին ընտրութիւններուն պատահեցաւ, որ միեւնոյն համայնքին վերապահուած խորհրդարանական աթոռին տիրանայ ընդհանրապէս նուազագոյն քուէ ստացած թեկնածուն:

Ընտրացանկերը կազմուած են արդէն. դաշինքները` ճշդուած. մինչ կը ձեւակերպուին ընտրաքաղաքական կարգախօսներն ու առաջադրանքները, կը լարուին ընտրամեքենաները եւ ընտրաքարոզչական ծրագիրները կ՛ուղղուին դէպի ժողովրդային տարբեր խաւեր:

Կայ միտում զանգուածներ համախմբելու համար կարգախօսները պարզացնելու: Կը թուի, որ գրաւիչ կարգախօսը հինը փոխարինելն է, հարստապետական կարգերուն վերջ տալն է, աւատապետական քաղաքական ժառանգականութիւնը մերժելն է: Նման կարգախօսներու ընկալումը աւելի կը դիւրանայ, երբ սրի տնտեսական ճգնաժամը, ընդլայնուի աղքատ խաւը եւ խորանայ խրամատը հարուստին, բարեկեցիկին եւ թշուառին միջեւ:

Իսկ երբ յատուկ քաղաքականութեամբ կը թէժանայ ֆինանսական եւ տնտեսական տագնապը, բնականաբար կը զանգուածայնանայ աղքատ խաւը: Անկէ ետք դիւրին կ՛ըլլայ այդ ենթահողին վրայ հակավարչակարգ տրամադրութիւններ ստեղծելը, մէկ կողմէ օժանդակելով եւ միւս կողմէ ֆինանսական պաշարումի օղակները սեղմելով իրավիճակը փոխելու կարծիք ու համոզում տարածելը:

Ընտրապայքարներու բովանդակութիւնը այս ուղղութիւնները կը ներառեն անպայման: Եթէ նախապէս համայնքներու միջեւ կայացած համաձայնութիւններով կամ հակադրութիւններով կը յատկանշուէին ընտրութիւնները, կամ` ներհամայնքային գլխաւոր ուժի վերածուելու մղումներով միջկուսակցական մրցակութիւններու առանցքը ինքզինք զգալի կը դարձնէր, ապա հիմա նախկինի եւ նորի, թալանողի եւ բարեկարգողի, գաղութայնացնողի եւ ազատատենչի, համայնքային համակարգ պաշտպանողի եւ քաղաքացիական հասարակարգ առաջադրողի բաժանարարութեամբ փորձ կը կատարուի փոխել խորհրդարանի համապատկերը:

Մենք պարտաւոր ենք առանց տարանջատելու լիբանանեան ու համայնքայինը, այսինքն` բանաձեւելով լիբանանահայկականը, առաջնորդուիլ դէպի ընտրութիւններ: Մերժել պետականութեան հիմերը սասանող երեւոյթները, ներքաղաքացիական բաժանարարութիւնը, հատուածականը, լարուածութեան տանող միտումները, եւ գերադասել միջհամայնքային համակեցութիւնը, հանգուցալուծումներու խաղաղ ճանապարհը` յարգելով իւրաքանչիւր համայնքի իրողական առանցքն ու ներկայացուածութիւնը:

Ընտրական գործող օրէնքը չ՛ապահովեր վերջին առաջադրանքը: Ներկայ պայմաններուն մէջ պահելով որոշումի անկախութեան սկզբունքը, Դաշնակցութիւնը Մեթնի եւ Պէյրութի ընտրաշրջաններուն մէջ կը համագործակցի տարբեր ուժերու հետ եւ կը կազմէ տարբեր ընտրադաշինքներ: Նպատակը` լիբանանահայկական էութեան առարկայացումն է եւ խորհրդարանին մէջ այս համատեղման ապահովումը:

Զուտ լիբանանեանը, շրջանցելով հայկականը, կը հակասէ նոյնինքն լիբանանեան շահերուն: Որովհետեւ Սահմանադրութիւնն ու համակարգը կը յարգեն համայնքներու իւրայատկութիւնները, ինքնուրոյնութիւնն ու ներկայացուածութիւնը:

Լիբանանեան համարկումին առընթեր հայկականը դաստիարակութիւն է, ոգի է, կազմաւորում է, մասնակցութիւն է, հայեցիութիւն է, կրթութիւն է, առնչութիւն է եւ մանաւանդ լիարժէք ներգրաւուածութիւն: Երբ չկան բնական այս գործընթացները, մնացեալը` խօսք է, փրփուր, քուէահաւաքի համար օգտագործուող նիւթ:

Այս բոլորով հանդերձ գիտակից ենք, որ լիբանանահայկականը բնութագրող այս արժեչափերը նախկին ժողովրդականութիւնը չեն վայելեր: Այս հանգամանքներուն նկատառումով ալ գալիք ընտրապայքարը նաեւ արժեչափերու պահպանման գոյաբանական խնդիր է:

Ընտրական որոշումներու ինքնուրոյնութեամբ, դաշինքներու եւ թեկնածուներու ճշդումի անկախութեամբ` լիբանանահայկական բանաձեւով արտայայտուող արժեչափերու պահպանման առաջադրանքով կը թեւակոխենք ընտրական փուլ:

Previous Post

«Երկրին փտածութեան մաս չենք կազմեր, մեր դաշնակիցները կռնակէն չենք հարուածեր եւ կը պատկանինք հայկական-լիբանանեան առանցքին» շեշտեց Յ. Բագրատունի

Next Post

IMF spokesman says talks with Lebanon on right track

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.