Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը, գործակցութեամբ իր կողմէ նշանակուած ճարտարապետներէ եւ մասնագէտներէ կազմուած յատուկ յանձնախումբին, որոշած է յատուկ խնամք ցուցաբերել այն տարեց հայրենակիցներուն, որոնք անկարող են իրենց բնակարաններու վերանորոգման աշխատանքներուն հետեւելու, նոյնիսկ եթէ իրենց նիւթական միջոցներ տրամադրուին։
Վերոյիշեալ առաջադրանքով, մարմինը արդէն իսկ ձեռնարկած է խիստ կարիքաւոր, առանձին բնակող, հարազատներու հոգատարութիւն չունեցող 10 տարեցներու բնակարաններու նորոգութեան աշխատանքին: Այս աշխատանքները յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուին։
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ