(Ա. Յովհաննու 4. 18)
Լիբանանահայութիւնը ճգնաժամային օրեր կ’ապրի:
Այս անգամ սուրացող փամփուշտերը չեն տագնապին աղբիւրը։
Չքաւորութիւնը, անգործութիւնը, գործազրկութիւնը, աշխատանքէ հեռացումը կամ կէս աշխատավարձքերը, որոնք զգետնած են հասարակութեան գոյանալու կարողականութիւնը, նաեւ գումարէ գահաժահրը, ստակի կախարդական խաւարումը, քաղաքական Ճգնաժամը եւ եթերացած պատեհութիւնները համատտարած դարձած են։
Մեր ժողովուրդը գործունեայ է, աշխատասէր եւ քարը հացի վերածող։
Բայց երբ աղէտը կը հարուածէ բոլոր ճակատներէն՝ անդամալուծելով ամբողջ տարածաշրջան մը յարատեւ բռնութեան վախի քօղով, գումարած սեփական շահի օգտագործման անկարողութեամբ եւ բարդուած աննախադէպ ու անակնկալ ժահրով մը՝ արդիւնքը կ՛ըլլայ աներեւակայելիօրէն, աղիտալի եւ անողորմ հաւաքական պատիժ։
Այս է Միջին Արեւելքի մեր ժողովուրդին իրավիճակը այս օրերուն, յատկապէս Լիբանանի մէջ։
Երեւակայեցէք, երբ արգելաբակումը մասամբ վերցուած է՝ արտօնելով կրթական հաստատութիւններու վերաբացումը, նոյն ատէն ծնողներու անճրկած շփօթը՝ իրենց զաւակներուն կրթաթոշակները հայթայթելու անկարողութեան պատճառաւ։
Երեւակայեցէք ուսուցիչներ, որոնք իրենց աշխատավարձերուն կէսը կը վճարուին, մինչ անհրաժեշտ ապրուստի գիները եռապատկուած են։
Այս նկարագրութիւնները մութ դարերուն չեն պատկանիր եւ ոչ ալ տխրահռչակ Օսմանեան կայսրութեան, այլ՝ յառաջադէմ 21րդ դարուն, որուն գալուստը միասնաբար ջերմութեամբ ողջունեցինք։
Լիբանանահայ գաղութի ներկայ իրավիճակը խիստ ծանր է եւ անոր անմիջական կարիքները աներեւակայելիօրէն հսկայ։
Մեր ճիտին պարտքն են՛ ազգային գիտակցութեան դրսեւորո՛ւմը եւ մարդկային պարտաւորութեան հարկադրանքը, նաեւ հաւաքական օգնութեան ձեռք երկարելը՝ վանելու ամէն վախ եւ կենդանութեան յոյս ներշնչելու գաղութի զաւակներուն։
Աստուած կը յորդորէ մեզ՝ կատարեալ սէր ցուցաբերել՝ վանելու համար ամէն վախ։ Վախի վերացումը եւ վհատութեան տապալումը կենդանութեան նախապայմանն ու գրաւականն են:
Միացէք մեր ջանքերուն՝ աջակցելու վիրաւոր լիբանանհայութեան, ձեր նախասիրած ճանապարհով կամ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) խողովակով՝ AMAA 31 W. Century Rd., Paramus, NJ 07652, ապահովելու համար Միջին Արեւելքի մեր գաղութներուն առողջութիւնը, սերունդներու կրթութեան ապահովումը կամ լոկ հայ մարդու կեանքի ամենատարրական կարքիներու գոյացումը։
Համատարած հայութեան առատաձեռն նուէրները անպայման պիտի օժանդակեն Լիբանանահայուն գոյատեւման դժխեմ պայքարի յաղթանակին։
Լիբանանահայութեան փրկութեան ձեռք երկարելը անհրաժեշտութի՞ւն է:
Ի հարկ է՛:
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
ԱՀԱԸի Գործադիր Տնօրէն