ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լիբանանահայ արուեստագէտ եւ հաւաքորդ Յարութիւն Թորոսեան Արցախի պետական պատմաերկրագիտական թանգարանին նուիրեց հայկական դրամներու իր անձնական հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ Տիգրան Մեծի մատանիին ագատէ քարը՝ արքային դիմաքանդակով:
Հաւաքածոն, որ բաղկացած է հին մետաղադրամներու եւ թղթադրամներու 168 նմոյշներէ, կը յատկանշուի հազուագիւտ դրամներով, մասնաւորապէս Տիգրան Մեծի, Արտաւազդ Երկրորդի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան ժամանակաշրջաններուն պատկանող: Հաւաքածոյին յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնն ու ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ 18 Յուլիս 2015ին:
Նախաձեռնութեան մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Յարութիւն Թորոսեան ծնած է 1933ին, Պէյրութ: Ուսած է Փարիզի Ազգային բարձրագոյն գեղարուեստի դպրոցին մէջ, այնուհետեւ՝ Ժիւլէնի ակադեմիոյ մէջ: Ունի գեղանկարչական եւ քանդակագործական բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, անոր աշխատանքները տեղ գտած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ: