Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հրաւէրով Հայաստանի դեսպանատան մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում հայ մամուլի եւ ձայնասփիւռի կայաններու տնօրէններու եւ գլխաւոր խմբագիրներու հետ: Հանդիպումին ներկայ էին դեսպանութեան Գ. քարտուղար Դաւիթ Ալավերտեան եւ ռազմական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեան: Խորհրդակցութեան օրակարգը կը վերաբերէր Հայաստան-սփիւռք տեղեկատուական հարթութեան վրայ համագործակցութեան նոր ուղիներուն եւ համահայկական օրակարգերու ձեւաւորման առընթեր հայկական լրատուամիջոցներու համարժէք արձագանգումներու առաջադրանքին: Անհրաժեշտութիւն նկատուեցաւ նման ձեւաչափով խորհրդակցութիւնները շարունակելու: