Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Լիբանանահայ մշակութային «երկինքը մեր աստղազարդ»-ող «Գուսան» երգչախումբին համերգը` Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ

June 30, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Մշակութային
0
Լիբանանահայ մշակութային «երկինքը մեր աստղազարդ»-ող «Գուսան» երգչախումբին համերգը` Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ

19 յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, խմբավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի,  Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը  տուաւ համերգ մը` «Երկինքը մեր աստղազարդ» խորագիրով, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Համերգը կը հովանաւորէր հայ աւետարանական համայնքի Մերձաւոր Արեւելքի միութիւնը  եւ կազմակերպուած էր Նոր Մարաշի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ, անիկա նուիրուած էր հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175-ամեակին:

Նոր Մարաշի` Պուրճ Համուտի նշանաւոր շրջանին մէջ  հաւաքուած էին «Գուսան» երգչախումբին անդամները` համերգին պատրաստ, երբ հազիւ դռները բացուեցան, արդէն հեւ ի հեւ հանդիսատեսները եւ պատուական հիւրերը լեցուցին եկեղեցին: Եկեղեցւոյ հովիւն ու կազմակերպիչները կը դիմաւորէին բոլորը` բարձր տրամադրութեամբ:

Համերգը սկսաւ երեկոյեան ժամը ճիշդ 7:30-ին:

Առաջին բաժինով «Գուսան» երգչախումբին արական կազմը կատարեց Մեսրոպ Մաշտոցի հինգերորդ դարու  շարականներէն փունջ մը` «Անկանիմ» ԴՁ. եղանակով, «Ի նեղութեան իմում» ԱՁ. դարձուածքով, «Տէր, որ ի մէջ լերինն» ԴԿ. վերջ ձայնով, «Մեղք իմ» եւ «Ծով կենցաղոյս» ԲԿ. աւագ կողմով:

Անոր յաջորդեց բարի գալուստի խօսք, եւ հերթաբար բացատրութիւններ տրուեցան օրուան առիթին ու մատուցուող երգերուն մասին:

Անկէ ետք Մարալ Շաննաքեան մեներգեց Այրիվանեցիի «Գանձ»-ը` «Սիրտ իմ սասանի»: «Գուսան»-ի աղջկանց կազմը, խմբավարին ուղղութեամբ, իւրայատուկ ոճով կատարեց հոգելոյս Զարեհ սրբազանի (Ազնաւորեան) «Սուրբ խօսքդ, Տէր» երգը: Հոգեւոր երգեցողութեան բաժնի աւարտը եղաւ Կոմիտասի ուսուցչին` Եկմալեան Մակարի «Սուրբ, սուրբ»-ը:

Երկրորդ բաժինը կ՛ընդգրկէր տարբեր երգերու հաւաքածոյ մը. բացումը կատարուեցաւ «Գուսան» երգչախումբի հիմնադիր Կոմիտաս վարդապետի գործերով` «Էս գիշեր», «Հաբրբան» եւ «Այ սիրուն կաքաւ», «Աղջի Մարան» երգերով: Խումբը շարունակեց Քամար Քաթիպայի Զարթօնքի շրջանի «Յոյս»-ով: Հուսկ «Գուսան»-ի երկրորդ խմբավարին` Բարսեղ Կանաչեանի  55-ամեակի յիշատակը ոգեկոչուեցաւ երկու մեներգներով` «Ծով աչեր» ու «Ալվարդի երազը», մենակատարութեամբ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանին. անոր յաջորդեց ամէն հայու սրտին խօսուն «Ծիծեռնակ» երգը: Կատակերգն էր յաջորդը, Կարա Մուրզայի «Վարդ կօշիկ»-ով հանդէս եկան Պօղոս Տօնիկեանն ու Հելէն Մանուէլեանը` ստեղծելով ուրախ մթնոլորտ: Ապա  Անտոն Մայիլեանի «Լոռիկը» երգեց Սիրան Արծրունի, որուն յաջորդեց «Զիմ ի վզի» պարերգը` Մուրզայի: Մարաշցի Յակոբ Իւվէզեանի «Բամբ որոտան»-ը  կատարեց «Գուսան» երգչախումբը` այդպիսով աւարտելով երկրորդ բաժինը:

Այս առիթով սրտի խօսք արտասանեց  Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը` Կարէն Եօսուլքանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այդ առիթին համար, անդրադարձաւ «Գուսան» երգչախումբի առաքելութեան` իբրեւ համազգային դերակատարութիւն ունենալու կոչուած բարձրորակ արուեստի կառոյց: Նաեւ գնահատեց Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ նախաձեռնութիւնը եւ գործակցութիւնը` «Արմիս»  ու «Գուսան» երգչախումբերուն միջեւ:

Երրորդ փուլին «Արմիս» երգչախումբի անդամները միացան «Գուսան» երգչախումբին: «Արմիս»-ի խմբավարը` վեր. Նշան Պագալեանը, որ պատրաստեց խումբը, բարձրասրինգով միացաւ (hautbois) երկու երգերու, որոնք առնուած էին Հայ աւետարանական հոգեւոր երգացանկէն: Առաջինը նորարար Քեսապի մէջ գրուած  «Երկինքը մեր աստղազարդ» երգն էր: Համերգը վերնագրուած էր այս երգին անունով` զայն իբրեւ գագաթ ունենալով այդ յոբելենական հանդիսութեան: Նոյն վառ ապրումով կատարուած երկրորդ երգն էր «Օրհնեալ երաշխիք»-ը, զոր ներկայ արուեստասէրները հասցուց այս գագաթային վիճակին:

Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` իր խմբավարին բծախնդիր մօտեցումով եւ իր անդամներու հետեւողական աշխատանքով, լիբանանահայութեան հրամցուց տարբեր երգերու տեսակներ` եկեղեցական, սիրային, կատակի, պարային, հայրենասիրական, ռազմական ու  հոգեւոր գործեր` տարբեր ժամանակներէ: Իր հմտութեամբ «Գուսան» երգչախումբը կրցաւ ամէն տեսակի գործ մեկնաբանել ըստ արժանւոյն, բարձրորակ կերպով եւ բաբախեցուց հանրութեան սրտերը` հրաւիրելով բոլորը սփիւռքի մէջ ըլլալու շինող, կերտող ու բարգաւաճող:

Նախքան «Հայր մեր»-ն ու առաքելական օրհնութիւնը, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւը` վեր. Ռաֆֆի Մըսրլեան խօսք առաւ եւ գնահատեց երկու  խմբավարներու ժրաջան աշխատանքը, նաեւ` նուագակցողին ու մենակատարներուն: Ապա, Մըսրլեան բացատրեց օրուան խորագիրն ու նպատակը այս համերգին, որով իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն: Նաեւ ողջունեց Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ «Գուսան» մասնագիտական մասնաճիւղի աշխատանքն ու գործունէութիւնը:

Առաքելական օրհնութիւնը տուաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ միութեան ատենապետ` վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան եւ հրաւիրեց կրկին անգամ ծափողջոյններով շնորհաւորելու «Գուսան» երգչախումբի իւրայատուկ կատարումը:

Նշենք թէ, «Գուսան» երգչախումբը, ըստ իր աւանդութեան, յունիս ամսուն իր տարուան համերգներէն մին կը ներկայացնէ լիբանանահայութեան` Երաժշտութեան տօնի, յատուկ ամեակի առիթով, նկատի ունենալով, որ 15 յունիս 1913-ին «Գուսան»-ը իր ամէնէն մեծագոյն համերգներէն մէկը տուած է:

Այս համերգին «Գուսան» երգչախումբի աղջկանց խումբը ներկայացաւ նոր տարազներով, որոնք պատրաստուեցան բարերարութեամբ ազնուափայլ երիցուհի Վարդի Կարապետեանի, որուն յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգային «Գուսան» երգչախումբի մասնագիտական մասնաճիւղի վարչութիւնը:

Շարունակ հետեւեցէ՛ք «Գուսան» երգչախումբին իր ընկերային ցանցի հարթակներով` Facebook, Instagram, Youtube: KOUSAN-Chamber-Choir իսկ խումբին կարելի է կապուիլ հետեւեալ ե-նամակով` [email protected]

Previous Post

Germany’s Scholz under pressure for answer at press conference

Next Post

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն. «կը Խաղամ կը սորվիմ կը մեծնամ» մանկապարտէզի դասագիրքի ներկայացում

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.