Այսօր՝ Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Էմիլ Լահուտի անուան Համագումարներու Պալատին մէջ, լիբանանահայ տասներկու վարժարաններու աւելի քան հազար ուսանող-ուսանողուհիներ վայելեցին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբի «Բոլոր Անոնց…» խորագիրը կրող փայլուն ելոյթը:
Երկու արարներու բաժնուած ելոյթը կը ներկայացնէր պարարուեստի գեղեցիկ պատկերներ: Ներկաները բուռն ծափողջոյններով գնահատեցին «Արին» պարախումբին ելոյթը եւ լիացած հեռացան սրահէն:
Նշենք, թէ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբին «Բոլոր Անոնց…» ելոյթները պիտի շարունակուին այսօր ՝Ուրբաթ, 23 եւ վաղը՝ Շաբաթ, 24 Նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 9-ին, Էմիլ Լահուտի անուան Համագումարներու Պալատին մէջ: