Երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի Պէյրութի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկ մը եւս: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայկական ուսանողական ակումբին կողմէ: Հայ ուսանողները պատրաստած էին կարճ ժապաւէն մը, ուր նկարահանած էին համալսարանի աշակերտները, ուսուցչակազմը եւ պաշտօնէութիւնը, որոնք կը խօսին իրենց տեղեկութիւններուն մասին եւ կարծիքներ կը փոխանցեն Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց ակումբի նախագահ Նանօր Նահապետեան, որ անդրադարձաւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան: Ան ըսաւ, որ «Թուրքիան որքան փորձէ ինքզինք իբրեւ քաղաքակիրթ եւ մարդկային իրաւունքները յարգող երկիր ձեւացնել, իր բոլոր փորձերը պիտի ձախողին, եթէ ան չճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»:
Ապա ներկաները ուղղուեցան դէպի համալսարանի կեդրոնական բակ, ուր Հայկական ուսանողական ակումբը կառուցած էր Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող մը: Յուշակոթողը կը ներկայացնէ Ծիծեռնակաբերդի գաղափարը, բայց իրականացած է ուսանողական նոր մտածելակերպով եւ ձեւաւորումով: Ներկաները 100 վարդ զետեղեցին յուշակոթողին առջեւ` իբրեւ յարգանքի տուրք Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակին: Հոն նաեւ ուսանողները վառեցին մոմեր:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի ուսանողական հարցերու պատասխանատու դոկտ. Ռաէտ Մոհսեն, որ գնահատեց հայ ժողովուրդի պայքարի ոգին եւ վճռակամութիւնը` Թուրքիոյ կառավարութեան ժխտողական քաղաքականութեան դիմաց: Ան հաստատեց, որ պէտք է «ապտակը կոչել ապտակ, իսկ ցեղասպանութիւնը` ցեղասպանութիւն: Իսկ 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ կատարուածը կանխամտածուած եւ ծրագրուած Ցեղասպանութիւն էր եւ պէտք չէ փորձել ուրիշ ձեւով ներկայացնել զայն»: Անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ հայ զոհերու թիւը նուազեցնելու ապիկար փորձին` դոկտ. Մոհսեն հաստատեց, որ բոլոր աղբիւրները կը վստահեցնեն, որ նահատակներուն թիւը մէկ միլիոնէն աւելի է: «Թուրքիան պէտք է ճանչնայ իր անցեալը եւ ընդունի իր ոճիրը, որպէսզի երկու ժողովուրդներն ալ հոգեւոր եւ մտային խաղաղութեամբ ապրին», եզրափակեց Մոհսեն:
Ապա ներկաները տարբեր լեզուներով համալսարանի կեդրոնական բակը զետեղուած հսկայ պաստառին վրայ գրեցին «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» եւ Ցեղասպանութեան վերաբերող եզրեր:
Նշենք, որ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի նախագահութիւնը բարձրաստիճան պատուիրակութեամբ մը մասնակցեցաւ ուսանողական այս ձեռնարկին: