-Մարոնիներու Պշարա Ռայի գարտինալը ընդունեց Ռուսիոյ փոխարտաքին գործոց նախարար, Միջին Արեւելքի հարցերու պատասխանատու Միխայիլ Պոկտանովը: Ռուս դիւանագէտը նաեւ այցելեց Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի պետ Սամիր Ժաաժային:
– Երեսփոխան Ահմէտ Ֆաթֆաթ յայտնեց, թէ Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան օրերուն միջեւ անպաշտօն հանդիպում մը նախատեսուած է Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ Հոսանքին միջեւ: Ֆաթֆաթ նաեւ դիտել տուաւ, որ Միշէլ Աուն կորսնցուցած է նախագահ ընտրուելու յոյսերը:
– Վերջին օրերուն, լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան եւ Մուսթաքպալ Հոսանքին միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն լոյսին տակ, բանակը վերաբացաւ Արսէլ գիւղաքաղաքին ճանապարհը: Նշենք, թէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, քանի մը օր առաջ անընդունելի գտած էր բանակին կողմէ Արսէլի շրջափակումը:
– Հաղորդակցութեան նախարար Պութրոս Հարպ մամլոյ ասուլիս մը կնքեց եւ Լիբանանի համ ր նպաստաւոր քայլ մը նկատեց խորհրդարանին պաշտօնավարութեան ժամկէտը երկարաձգելու որոշումը: Հարպ՝ Հըզպալլային եւ Միշէլ Աունին վերագրեց նախագահական ընտրութիւններու պատասխանատուութեան մէջ լիբանանեան դերակատարութեան բացակայութիւնը:
– Իսլամ քարոզիչ Շահալ յայտարարեց, թէ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Թրիփոլիի մէջ բերման ենթարկած է իր զաւակը: