Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրուան ժամը 12:15-ին մեկնարկը կատարեց լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող առաջին նաւթահորի պեղման աշխատանքներուն:
4-րդ նաւթահորին պեղումը սկսաւ «Թանկսթըն էքսփլորըր» նաւուն կողմէ` ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժարի, «Թոթալ» ընկերութեան Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի շրջանի նախագահ Սթիվըն Միշելի, «Նովաթեք» լիբանանեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Սուլաֆա Միշենի, «Էնի» ընկերութեան տնօրէն Անտրէա Քոզիի, նաւթի մարզի վարչական խորհուրդի նախագահ Ուալիտ Նասըրի եւ երեք օտար ընկերութիւններու պատասխանատուներու:
«Այսօր Լիբանանի համար պատմական եւ ուրախութեան օր է, ինչպէս նաեւ` երազի մը իրականացման սկիզբ», ըսաւ նախագահ Աուն:
Իր կարգին վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ այս քայլը յոյս կը ներշնչէ Լիբանանին` տնտեսական իր տագնապը շրջանցելու առումով: «Այսօր մենք կը փորենք նոր Լիբանանի մը ապագային համար: Լիբանանի մը, զոր բարգաւաճած կ՛ուզենք տեսնել` փակելով անոր յուսալքումի էջերը», հաստատեց ան:
Ապա անոնք ուղղուեցան պեղումը կատարող գործողութեան սենեակը, ուր նախագահ Աուն խորհրդանշական քայլով մը սեղմեց պեղումի սկսելու կոճակը: