Շաբաթ, 29 Փետրուար 2020-ին, լիբանանեան վեց հանրածանօթ ակումբներու, վեց տարեկանը բոլորած, տարբեր կարգի ծանրութիւններու, 125 մարզիկներու մասնակցութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկի թեքուանտոյի Կապոյտ եւ Կարմիր գօտիներու տարեկան մրցաշարքը:
Մրցաշարքը ընթացաւ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին լիազօրութիւնը վայելող իրաւարարներ՝ Ժորժ Ղալէպի, Ղայէլ Հոպէյքայի, Ռոտինա Շահինի, Միշէլ Սաատէի, Սառա Լին Թանիուսի եւ Սուհա Ղազիի հսկողութեան տակ: Մրցաշարքը տեղի կ’ունենար «Կրենտմեսթըր» Պասեմ Աատի, օգնականներ՝ «մասթեր» Ճուլի Տիպի, Քոզէթ Պասպուսի եւ մարզիչներ՝ Փաւել Հատտատի, Նարեկ Պուլտուքեանի, Թոնի Սաուպի, Էլիաս Սալիպայի, Ժան Փօլ Քըֆուրիի եւ Շարպէլ Ժումաայի կազմակերպութեամբ: Մրցումներուն հետեւեցան մեծ թիւով ներկաներ, ծնողներ:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան շնորհաւորեց մրցաշարքը յաղթող մարզիկները եւ յանձնեց մետալները:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ