Թէեւ Լիբանանի մէջ ամբողջական փակումը կը շարունակուի, սակայն երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ երէկ արձանագրուեցան բողոքի ցոյցեր, որոնք կը մերժէին ամբողջական փակումի որոշումին գործադրութիւնը:
Ցոյցերը արձանագրուեցան գլխաւորաբար Թրիփոլիի մէջ, ուր քաղաքացիները քանի մը օրէ ի վեր արդէն փոքր շարժումներ եւ հաւաքներ կը կատարէին` մերժելով ամբողջական փակումի որոշումը:
Երէկ կէսօրին մեծ թիւով ցուցարարներ փակեցին «Ապտել Համիտ Քարամէ» հրապարակը:
Նոյն ժամերուն Սայտայի ժողովրդային շարժումի մասնակիցները փակեցին «Էլիա» հրապարակը` մերժելով տիրող տնտեսական կացութիւնն ու սղաճը, առանց նուազագոյն օժանդակութիւնը ապահովելու ժողովուրդին, որպէսզի տոկայ այս կացութեան:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին ցուցարարներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Թրիփոլիի սերային դիմաց: Խաղաղ կերպով սկսած ցոյցը կէս ժամ ետք վերածուեցաւ ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ բուռն բախումներու, երբ ցուցարարներ խուլիկանութիւններ կատարեցին` քարկոծելով սերայը եւ բողոքելով ամբողջական փակումը խախտող քաղաքացիները տուգանելու քայլերուն դէմ:
Սերայը քարկոծելու պատճառով վնասուեցան մեծ թիւով ինքնաշարժներ, որոնք կանգնած էին սերայի կառատան մէջ: Ներքին ապահովութեան ուժերը եւ լիբանանեան բանակը ցուցարարները ետ մղեցին այդ վայրէն` զանոնք ուղղելով դէպի «Ապտել Համիտ Քարամէ» կամ «Նուր» հրապարակ:
Երեկոյեան ժամը 5:20-ին մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ ցուցարարներու փոքր խումբ մը երկու ուղղութեամբ փակեց Ռինկի կամուրջը, որ շուրջ կէս ժամ ետք Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ վերաբացուեցաւ:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին ցուցարարներ Պարժայի մօտ երկու ուղղութեամբ փակեցին Պէյրութէն հարաւային Լիբանան տանող մայրուղին:
Առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան համաձայն, անցնող 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 2652 նոր վարակուածներ եւ 54 մահացածներ:
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի մէկ պատուիրակութեան հետ` գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ընդհանուր տնօրէն Քլաուտիօ Քորոտոնիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի եւ առողջապահութեան միջեւ միացեալ ծրագիր մը գոյացնելու հարցը` Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականները «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստելու նպատակով:
Ազգային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (տաման) ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Քարաքի յայտնեց, որ ապահովագրուած քաղաքացիներուն բժշկական ծախսերը հոգալու իմաստով, տամանին ծառայութիւնները կ՛ընդգրկեն նաեւ «Քորոնա» ժահրէն բուժուելու ծախսերը` ապահովագրուած բոլոր քաղաքացիներուն, յատկապէս բժշկական մարզին մէջ գործողներուն համար:
Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր պաշտօնական նամակ մը յղեց հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապին` զայն իմացնելու համար, որ դրամատնային մարզը առանց բացառութիւն նկատուելու կրնայ ապահովել թէ՛ պետական եւ թէ՛ սեփական մարզերու պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերը:
«Սփինիզ» հանրախանութներու ցանցի ընդհանուր տնօրէն Հասսան Իզէտտին հաստատեց, որ պետութիւնը երկիրը դէպի սնանկացում կ՛առաջնորդէ` ծանր հարուած հասցնելով սննդեղէնի անվտանգութեան: Ան դարձեալ կոչ ուղղեց ամբողջական փակումի բացառութիւններուն մէջ հանրախանութները նկատի ունենալու: