Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին վարչապետարանին մէջ արտասանեց ճառ մը, որուն մէջ նշեց, թէ հակառակ անոր որ իր կառավարութիւնը 300 օրէ ի վեր հրաժարած է, սակայն քաղաքական հաշիւները կը շարունակուին` անտեսելով Լիբանանի շահերն ու լիբանանցիներուն տառապանքը, ինչպէս նաեւ արգելակելով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Տիապ յայտնեց, որ երկրին մէջ որդեգրուած ելեւմտական սխալ քաղաքականութիւններուն պատճառով տիրող տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին լուծման համար իր կառավարութիւնը ծրագիր մշակեց եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութեան սկսաւ, սակայն այդ ծրագիրը կասեցուեցաւ կառավարութեան հրաժարականով, «հետեւաբար այսօր պէտք է կազմել կառավարութիւն մը, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները շարունակէ եւ երկիրը փրկելու հունի մէջ զետեղէ», ըսաւ ան:
Տիապ շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի շատ դժուար իրավիճակի մէջ` աւելցնելով, որ այդ մասին օրեր առաջ Միջազգային դրամատունը արտայայտուած է իր տեղեկագիրին ընդմէջէն:
Ան նշեց, որ Միջազգային դրամատան կատարած հաստատումները կը փաստուին հետեւեալ իրականութիւններով. «Երկրին տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային եւ ապրուստի վերաբերող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու նպատակով նոր կառավարութեան կազմութեան մէջ անկարողութիւն, քաղաքական ուժերուն կողմէ ազգային պատասխանատուութեան մակարդակին բարձրանալու մերժում, Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններու սառեցում, Կեդրոնական դրամատան կողմէ գումարներու յատկացման նուազեցում` հում նիւթերու ապահովման համար, դեղորայքի, վառելանիւթի եւ երեխաներու կաթի տագնապ, մաքսանենգումի շարունակութիւն, Լիբանանի նկատմամբ արտաքին շրջափակում եւ անոր օժանդակութիւններ հասցնելու հոլովոյթը արգիլող տարբեր տեսակի եւ ձեւի ճնշումներու բանեցում` զայն մղելու համար ամբողջական փլուզումի», ըսաւ ան:
Տիապ շեշտեց, որ այս իրականութիւնը Լիբանանը կը մղէ ամբողջական փլուզումի, որուն զոհերը պիտի ըլլան լիբանանցիները, իսկ միւս կողմէ` քաղաքական ուժերը իրենք զիրենք պիտի ներկայացնեն իբրեւ երկրին ու ժողովուրդին փրկարարներ: «Լիբանանը ամբողջական փլուզման վտանգին ենթակայ է: Լիբանանի ամբողջական փլուզման հետեւանքները պիտի ըլլան շատ վտանգաւոր, ո՛չ միայն լիբանանցիներուն համար, այլեւ անոր հողերուն վրայ բնակողներուն, ինչպէս նաեւ բարեկամ եւ եղբայր պետութիւններուն համար` ցամաքային եւ ծովային առումով: Ոչ ոք պիտի կարենայ հակակշռել ծովուն յառաջացնելիք ալիքները», շեշտեց ան:
Տիապ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն համբերելու իրենց ենթարկուած անիրաւութեան, զրկանքին եւ տառապանքին:
Ան կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն զիջումներ ներկայացնելու, իսկ Լիբանանի բարեկամ եւ եղբայր երկիրներուն կոչ ուղղեց լիբանանցի ժողովուրդը պատասխանատու չնկատելու երկրին հասած իրավիճակին համար, այլ անոր նեցուկ կանգնելու եւ օժանդակելու:
«Կոչ կ՛ուղղեմ բարեկամ եւ եղբայր երկիրներուն օժանդակելու եւ զօրակցելու Լիբանանին, որ ամբողջական փլուզման վտանգին ենթակայ է: Եթէ զայն անմիջապէս չփրկէք, ապա զղջումը անիմաստ պիտի դառնայ», եզրափակեց Տիապ: